Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԱԿ-ի Թիւ 1325 Բանաձեւի Գործադրութեան Շրջագիծին Մէջ Մեր Մշակած Ռազմավարութիւնն Ու Աշխատանքային Ծրագիրը Գործադրելը Իսկական Նուաճում Պիտի Ըլլայ Լիբանանցի Կնոջ Համար» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Սօսի Փոլատեան

Մարտ 7, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներէն Սօսի Փոլատեանի հետ կատարուած յատուկ հարցազրոյցի մը ընդմէջէն կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին, որ կը վերաբերի կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ այս բանաձեւը որդեգրուած է 2000 թուականին, երբ աշխարհի չորս կողմերուն սկսած էին կռիւներ, պատերազմներ եւ տագնապներ:

«Թիւ 1325 բանաձեւը որդեգրուեցաւ, որովհետեւ ի յայտ եկաւ, որ այդ տագնապներէն եւ պատերազմներէն ամէնէն աւելի կինն է, որ կը վնասուի: Կիներն են, որոնք կ՛առեւանգուին: Իրենց ամուսինները կրնան կորսնցնել` պատերազմի պատճառով: Իրենց ամուսիններուն ճակատ երթալու պատճառով կիներն են, որ կը ստանձնեն իրենց ընտանիքներուն պատասխանատուութիւնը: Կիները ամէն իմաստով կը տուժեն այս իրավիճակէն: Հետեւաբար վերոնշեալ բանաձեւը կը հաստատէ, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր պատերազմ գոյութիւն ունի, կնոջ ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորուի», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւը ունի չորս սիւներ`

– Մասնակցութիւն
– Կանխարգիլում
– Պաշտպանութիւն
– Ապաքինում

«Մասնակցութիւն` այն իմաստով, որ կինը ըլլայ որոշում տուող սեղաններուն ետին եւ հաւանաբար իր գիտակցութեամբ ու համբերատարութեամբ կարենայ արգիլել պատերազմի կամ ընդհարումի որոշումը: Կանխարգիլումի պարագային, կինը իր դերակատարութիւնը կրնայ ունենալ` ճակատումներուն ու պատերազմներուն առաջքը առնելու: Պաշտպանութեան պարագային, հիմնական հարցը այն է, թէ կինը ինչպէ՛ս կրնայ պաշտպանուիլ, երբ պատերազմը արդէն իսկ սկսած է, եւ ինչպէ՛ս կրնայ պաշտպանել իր ընտանիքը: Ապաքինումի պարագային, մանաւանդ առողջապահական իմաստով, ինչպէ՞ս կարելի է փրկել կիները, որոնք ընդհանրապէս հոգեկան տագնապներ կը դիմագրաւեն եւ որոշ ախտերէ կը տառապին, ինչպէս նաեւ` առիթ տալ անոնց, որպէսզի աշխատին ու պահեն իրենց ընտանիքները», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան նշեց, որ 2000-ին, թիւ 1325 բանաձեւը վաւերացնելէ ետք, իւրաքանչիւր երկրի պարտականութիւն տրուեցաւ այդ բանաձեւին գործադրութեան համար ծրագիրներ մշակել, աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին մշակումը բաւական բարդ էր եւ մեծ գումարներու կը կարօտէր:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ 2006-ին  Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ վարժանիստերու ընդմէջէն գործադրել այս բանաձեւը:

«Հարաւային Լիբանանի տասը գիւղերու մէջ մենք գործադրեցինք «Ուի փես» ծրագիրը, որուն ընդմէջէն զարկ տրուեցաւ կնոջ ուժեղացման եւ տնտեսական վիճակը բարելաւելու ծրագիրին: Անոնք արհեստներ սորվեցան, դպրոց յաճախեցին, առողջապահական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարքի հետեւեցան: Այս բոլորը, սակայն, վարժանիստերու ընդմէջէն իրագործուեցաւ, որովհետեւ մենք չունէինք մեր ռազմավարութիւնը», յայտնեց ան:

Սօսի Փոլատեան նշեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին մասին իր ռազմավարութիւնը սկսաւ պատրաստել 2017-ին, իսկ 2019-ին զայն ներկայացուց կառավարութեան, որ իր կարգին զայն վաւերացուց իր 12 սեպտեմբեր 2019-ի նիստին ընթացքին:

Իսկ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը իր մշակած աշխատանքային ծրագիրին մէջ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւը պէտք է անպայման գործադրուի:

«Ռազմավարութեան վաւերացումը առիթ տուաւ մեզի, որ սկսինք մշակել անոր գործադրութեան աշխատանքային ծրագիրը, որ կրնայ երեքէն չորս տարի տեւել», ընդգծեց ան:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ ռազմավարութեան մշակումը կատարուած է

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի մէկ յանձնախումբին վերահսկողութեամբ, աւելցնելով, որ յանձնախումբը գործակցած է

Լիբանանի կառավարութեան վեց նախարարութիւններու հետ` պաշտպանութեան, ընկերային հարցերու, ներքին գործոց, արտաքին գործոց, արդարութեան եւ կնոջ ուժեղացման նախարարները:

«Այս շրջագիծին մէջ էր, որ, օրինակ, ներքին գործոց նախարարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացաւ կին ոստիկան ունենալու: 1745 թէժ գիծի դրութիւն արձանագրուեցաւ, որպէսզի իրենց ընտանիքներուն մէջ հարցեր դիմագրաւող կիներ կապուին այդ թիւին եւ օժանդակութիւն խնդրեն: Այս երկուքը կատարուած աշխատանքներու օրինակներ են, որոնք արդիւնք են Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի եւ կառավարութեան միջեւ գործակցութեան», շեշտեց ան:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ 2020-ի կառավարութեան մէջ վեց կին նախարարներու նշանակումը եւս արդիւնք եղաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին հետ գործակցութեան, աւելցնելով, որ 2019-ի կառավարութեան մէջ կին նախարարները իրենց աշխատանքին ընդմէջէն փաստեցին իրենց կարողութիւնները:

«Այս ռազմավարութիւնը իբրեւ նուաճում պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ին, որուն անդամ երկիրներուն դիմումներ կը կատարուին, որպէսզի անոնք ֆինանսաւորեն մեր աշխատանքները: Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին խոստացած է Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին ֆինանսաւորում ապահովելու աշխատանքին մասնակցիլ, որպէսզի ան կարենայ իր նպատակները իրագործել: Կարգ մը երկիրներ կը ֆինանսաւորեն այն ծրագիրները, որոնք կը միտին կին զինուորներ մարզել եւ զանոնք գործուղել սահման` հսկելու համար սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն եւ կիներու ու երեխաներու պաշտպանութեան», նշեց ան` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ ծրագիր պիտի ֆինանսաւորէ:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ թիւ 1325 բանաձեւին համար պատրաստուած այս ռազմավարութիւնը իսկական իրագործում մըն է: Ան ըսաւ, որ Լիբանան հինգերորդ արաբական երկիրն է, որ այդ ռազմավարութիւնը ներկայացուց: «Առաջին հերթին ՄԱԿ-ին իրենց ռազմավարութիւնը ներկայացուցին` Իրաքը, Յորդանանը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը, Թունուզը եւ ապա Լիբանանը: Անշուշտ Արաբական լիկան իր կարգին ներկայացուցած է ռազմավարութիւնը, որ կը վերաբերի կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան», աւելցուց Ս. Փոլատեան:

Ան նշեց, որ թիւ 1325 բանաձեւին առումով, Լիբանանի մշակած ռազմավարութիւնը կատարուած է` ըստ երկրին առաջնահերթութիւններուն:

«Մեր առաջնահերթութիւնը այն է, որ կինը պաշտօններու վրայ ըլլայ, եւ երկրին խորհրդարանին մէջ կնոջ ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը` նուազագոյնը 30 առ հարիւր, յարգուի: Այս քայլը շատ կարեւոր է, որպէսզի մինչեւ 2030 կարելի ըլլայ հասնիլ 50 առ հարիւրի համեմատութեան եւ գործադրած ըլլայ սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը», ըսաւ ան:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կը գործակցի ընկերային հարցերու եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ` հաստատելու համար վայրեր, ուր հոգեկան տագնապներէ ու մտային խանգարումներէ տառապող կիներ կարենան դիմել եւ օժանդակութիւն ստանալ` հոգեբաններէ:

«Այս առումով կրնամ հաստատել, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն մէջ կան պարագաներ, որոնք լուրջ հարցեր ունին, ինչպէս` բռնաբարում եւ շարք մը այլ հարցեր: Այս հարցերը մենք կը փորձենք լուծել ներքին գործոց նախարարութեան հետ, մեր իրաւաբաններուն ճամբով, ինչպէս նաեւ` կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, ինչպէս Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ գործող Կիներու հարցերու հետազօտութեան գիտական հիմնարկ, Արաբ կնոջ կազմակերպութիւնը եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ», յայտնեց ան:

Սօսի Փոլատեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը թիւ 1325 բանաձեւի կանխարգիլման եւ պաշտպանութեան սիւներուն շրջագիծին մէջ կ՛աշխատի նաեւ քաղաքացիութեան օրէնքին գծով: «Թէեւ Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ նշուած է, որ տղամարդն ու կինը հաւասար են, սակայն քաղաքացիութիւն շնորհելու պարագային, կինը չի կրնար իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհել, հետեւաբար այդ յօդուածներուն փոփոխութեան համար մեծ աշխատանք ի գործ կը դրուի: Այս կէտին կողքին, նաեւ կայ անչափահասներու ամուսնութեան արգիլման օրէնքը, որ լուրջ հարցի վերածուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան ժամանումով: Այս թղթածրարը լրջացաւ, երբ տեղահանուածներ սկսան իրենց զաւակները վաճառել: Անչափահաս աղջնակներ վաճառուեցան 10-15 հազար տոլար գումարներով: Անոնք առողջապահական լուրջ հարցեր դիմագրաւեցին` յղութեան առումով, եւ տակաւին չկազմուած մանուկներու ծնունդի պարագաներ հսկայ հարցերու վերածուեցան: Աւելի մեծ հարց կը նկատուի այն, որ անոնք ծնած նոր մանուկները չեն արձանագրեր», ըսաւ ան` հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է փոփոխութեան ենթարկէ անձնական կարգավիճակի օրէնքները, որոնք 100 տարուան կեանք ունին:

Սօսի Փոլատեան նշեց նաեւ, որ թիւ 1325 բանաձեւի գործադրութեան առումով, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը պիտի աշխատի նաեւ յաջորդ քաղաքապետական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանցի կնոջ ներկայացուցչութիւնը աւելցնել, իբրեւ այդ բանաձեւին առաջին սիւնին` մասնակցութեան եւ կիները որոշում տալու պաշտօններուն հասցնելու կարեւորութիւն:

«Այրերուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ այս աշխատանքները չեն միտիր իրենց իրաւունքները առնել կամ անոնց դէմ ոտնձգութիւններ գործել, այլ` միասնաբար գործել եւ Լիբանանը կողք-կողքի, իրարու ձեռք տալով կերտել», հաստատեց Սօսի Փոլատեան:

Ան յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային, իրենք յաջողած են օրէնքը բարեփոխել եւ կիներուն առաջադրելիք թեկնածութեան վայրը ոչ միայն բաւարարել անոր ամուսնոյն ծննդավայրով, այլ` կարելիութիւն ընծայել, որ ան իր անձնական ծննդավայրին մէջ կարենայ ներկայանալ իբրեւ թեկնածու:

«Անձնական կարգավիճակի այլ օրէնքներու փոփոխութեան ծիրին մէջ մենք կ՛աշխատինք նաեւ, որ կրօնական շրջանակներուն մէջ, ամուսնալուծման պարագային, երեխային խնամքը յանձնուի մօրը` մինչեւ որոշ տարիքի մը (10) հասնիլը:

«Իսկ աղջկան պարագային, ամուսնութեան նուազագոյն տարիք ճշդելու առումով, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կրօնական մարմիններուն մօտ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ այդ տարիքը ըլլայ 18-ը, իսկ յոռեգոյն պարագային` 16-ը», ընդգծեց ան:

Սօսի Փոլատեան նկատել տուաւ, որ անձնական կարգավիճակի այս օրէնքները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան լիբանանեան ընկերութեան վրայ եւ բոլոր միջավայրներուն մէջ կը ստեղծեն հարցեր, որոնք նաեւ կը դրսեւորուին տնտեսական խնդիրներով ու անգործութեամբ, ինչպէս նաեւ հիմնական պատճառը կը դառնան երիտասարդներուն արտագաղթին:

Ան նշեց նաեւ, որ խորհուրդը կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան հետ գործակցելով` կը ջանայ քաղաքացիական կրթութեան եւ այլ դասագիրքերու մէջ կրթական ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկել, որպէսզի մարդկային վարուելակերպը աւելի եւս ամրապնդուի անոնց մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք սորվին երկխօսութիւն կատարել, մերձեցման ընդմէջէն սորվիլ` ներգործօն համակարգով:

«Համոզուած եմ, որ թիւ 1325 բանաձեւին եւ անոր չորս սիւներուն հիման վրայ մեր մշակած ռազմավարութիւնն ու աշխատանքային ծրագիրը գործադրելով` լիբանանցի կնոջ համար լուրջ նուաճումներ արձանագրած կ՛ըլլանք: Թէեւ այս աշխատանքներուն արդիւնքները դիւրաւ չեն արձանագրուիր, սակայն մենք առանց յուսալքուելու եւ անխոնջ կը գործենք», եզրափակեց Սօսի Փոլատեան:

 

Նախորդը

Մեր Ունեցածն Ու Չունեցածը

Յաջորդը

Փոխան Փունջ Մը Ծաղիկի (Կիներու Միջազգային Տօնին Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?