«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ Նիւ Եորքի մէջ հիւրը եղաւ Նիքսին, երկու կէտի տարբերութեամբ` 125-123 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) բաւականացաւ 35 կէտով:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ Օրլանտոյի մէջ 130-107 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ` Մեճիքի դէմ:

Յաղթական կազմէն Սի. Ճէյ. Մաքքոլում նշանակեց 41 կէտ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս միակ խումբն ըլլալով ապահոված է փլէյ օֆի մրցումներու իր տոմսը: