Մարզական հագուստներ, տարբեր տեսակի կօշիկներ եւ այլ սարքեր արտադրող ամերիկեան «Նայքի» ընկերութիւնը 26 մարտին հրապարակ պիտի իջեցնէ նախորդ ամիս մահացած պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի պատիւին պատրաստած «Քոպի-5 Փրոնթօ» մարզակօշիկը:
Մարզակօշիկը պատրաստուած է Պրայընթի ակումբին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի տարբերանշանին գոյներով:
Պրայընթ «Քոպի 5-Փրոնթօ» մարզակօշիկներով խաղցած էր 2010-ին: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած էր 2016-ին: