Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան, Լիպիա Եւ Արաբական Աշխարհը

Մարտ 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Նորութիւն մը բերած կամ գաղտնիք մը յայտնած պիտի չըլլանք, եթէ պարզենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կ՛երազէ եւ կը ջանայ վերականգնել Թուրքիոյ օսմանական փառքերը եւ յստակօրէն կ՛արտայայտուի անոր մասին. սակայն այդ երազանքները կեանքի կոչելու իր ջանքերը պիտի չիրականանան, որովհետեւ անոնք կը բխին այն գաղափարական խորքերէն, որոնք կը ձգտին վերականգնել պատմութիւնը, երբ այդ մէկը անհնար է:

Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա մեծ պետութիւն մըն է, որ տիրապետութիւն պէտք է ունենայ Միջերկրականի մէջ, ուր Յունաստան, Եգիպտոս, Իսրայէլ եւ Կիպրոս կը ջանան ծովուն խորքի քարիւղի եւ կազի պաշարներէն օգտուիլ: Ներկայիս ան, Քաթարի նիւթական աջակցութեամբ, նոր արկածախնդրութեան մը սկսած է Լիպիոյ մէջ, նախ այնտեղի իրադարձութիւններու բեմին վրայ իր տեղը ապահովելու համար, ապա` Լիպիոյ քարիւղի եւ կազի աղբիւրներուն հասնելու, ինչպէս նաեւ` թուրք կապալառուներու աշխատանքներուն արդիւնք հանդիսացող ձգձգուած իրաւունքները ապահովելու (որոնք Քազաֆիի անկումէն ետք չեն վճարուած, իսկ խօսքը երկու միլիառ տոլարի մասին է):

Էրտողան Լիպիոյ վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի հետ ստորագրած է փոխհասկացողութեան յուշագիր մը, որ կը յստակացնէ Միջերկրական ծովէն իրենց մասնաբաժինները` երկու երկիրներու ափերուն միջեւ: Այդ յուշագիրով Թուրքիա կը ջանայ վտանգել եւ հատել տարածաշրջանի ծովային աշխարհագրութիւնը, ուր, սակայն, Յունաստան, Կիպրոս եւ Եգիպտոս հետախուզման ծրագիրներ ունին եւ այդ գծով կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը: Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթար խոստացած է խզել այդ համագործունէութիւնը, եթէ ինք իշխանութեան գլուխ հասնի:

Լիպիոյ հարցով նախագահ Էրտողանի մօտեցումը կը կրէ նոյն` իր միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ որդեգրած ընդհանուր մօտեցման բնոյթը: Թուրքիոյ խորհրդարանը արդէն իսկ վաւերացուցած է նախագահին ծրագիրները Լիպիոյ վերաբերեալ, եւ կը թուի, թէ անոր աջակիցները շատ հիացած են իր մղած պայքարով: Ըստ Էրտողանի քաղաքական հարցերու խորհրդական Իպրահիմ Քալընի,  նախագահը իր արդիւնաւէտ եւ հեռատես դիւանագիտութեամբ Թուրքիան դարձուց գլխաւոր դերակատարներէն մէկը Լիպիոյ մէջ:

Էրտողան համոզուած է, որ Թուրքիա, Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալով, պէտք է անոր փառքերը վերակենդանացնէ, ուստի նոյն այդ օսմանցիներուն զէնքը` կրօնը գործածելով, ան կը ջանայ նոր կայսրութիւն մը հիմնել: Ժիհատը` Աստուծոյ սիրոյն իսլամներուն մղած պատերազմը, կարեւոր հարց մըն է Էրտողանի պահպանողական ընտրազանգուածին մօտ, անշուշտ նաեւ` ինքնին Էրտողանի համար. արդարեւ, ան շատ գործօն կերպով կ՛օգտուի այդ գաղափարէն` մոլեռանդ իսլամներու միտքերուն մէջ հերոսի տպաւորութիւն ձգելով, ինչպէս Լիպիոյ Մսրաթա քաղաքի հրամանատար առաջնորդ Ֆարաժ Մուսթաֆա ըսած է. «Էրտողան իսլամ ազգի առիւծն է»:

Էրտողան, սակայն, կը վազէ անհասանելի իսլամական կայսրութեան մը երազանքին ետեւէն. այդ մէկը անհնար է, որովհետեւ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ներքնապէս արագընթաց փլուզումի մէջ է: Շատ դժուար պիտի ըլլայ շարունակել Էրտողանի վերոնշեալ արկածները` նոյնիսկ Քաթարի նման հարուստ երկրի մը աջակցութեամբ: Միւս կողմէ` Թուրքիոյ բանակը եւ օդուժը մեծ հարուածներ ստացան ինքնին Էրտողանէն, 15 յուլիս 2016-ի անյաջող յեղաշրջումի փորձէն ետք, եւ տակաւին բոլորովին չեն վերականգնած. հետեւաբար Թուրքիա կրնայ հարցեր յառաջացնել Լիպիոյ մէջ, բայց պիտի չյաջողի արդիւնքի մը հասնիլ:

Քաթարէն բացի` ո՛չ մէկ երկիր կ՛աջակցի Թուրքիոյ. Ալճերիա եւ Թունուզ դրական կը գնահատեն Թուրքիոյ կեցուածքը` իրենց երկիրներու «Իսլամ եղբայրներ» խմբակցութեանց ազդեցութեան տակ, սակայն անոնք չեն օժանդակեր անոր ռազմական գործողութիւններուն, մինչդեռ Թուրքիոյ համար անհնար է որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերել Լիպիոյ կառավարութեան ղեկավար Ֆայեզ Սարաժին` առանց Թունուզի օդային ու ծովային օժանդակութեան: Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նեցուկ կը կանգնին Լիպիոյ բանակի զօրավար Խալիֆա Հաֆթարին, նմանապէս` Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա: Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ միջամտութեան Լիպիոյ հարցով` ի տարբերութիւն Սուրիոյ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ դէմ են Եւրոպական Միութեան անդամները:

Լիպիոյ հարցով Պերլինի համաժողովին մասնակցողները չաջակցեցան Էրտողանի այն առաջարկին, որ կը ձգտէր թրքական բանակը միջամուխ դարձնել Լիպիոյ հակամարտութեան` Սարաժին օգնութեան հասնելու պատրուակով:  Աւելի՛ն. անոնք խստիւ արգիլեցին արտաքին որեւէ ռազմական միջամտութիւն, բան մը, որ զայրոյթ պատճառեց Էրտողանին եւ զայն մղեց լքելու համաժողովը` նախքան անոր աւարտը: Էրտողան եւ Փութին հակառակ կողմեր են, երբ խօսքը կը վերաբերի Լիպիոյ. բոլորը լաւատեղեակ են, որ հակառակ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պարծենկոտութեան` ան կրնայ ներկայութիւն ըլլալ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ միա՛յն այնքան, որքան իրեն թոյլ կու տայ Մոսկուա:

Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին  եւրոպական պետութիւնները եւ Ռուսիա լաւատեղեակ էին, որ ան իր վախճանին հասած էր արդէն թէ՛ ռազմական, թէ՛ տնտեսական առումով.  կայսրութիւնը պարտքերով ծանրաբեռնուած էր, իսկ զինուորական կարգերը` փտած. այնուհանդերձ, այդ երկիրները իրենց միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար որոշ ժամանակով երկարեցին այդ կայսրութեան կեանքը, ինչ որ պատճառ եղաւ երկրին ոչ իսլամ ազգերու բնաջնջման, անոնց կարգին` յատկապէս հայերուն: Պատմութիւնը այսօր ինքզինք կը կրկնէ. մեծ պետութիւնները իրենց շահերը կը պաշտպանեն, արեւելեան եւ արեւմտեան երկիրներու քաղաքական հակամարտութիւնները կը մղեն երկու կողմերն ալ փափուկ քաղաքականութիւն վարելու Թուրքիոյ հանդէպ:

Սակայն` մինչեւ ե՞րբ:

Թուրքիա այն մեծ երկիրը եւ հսկայ ուժը չէ, որ կրնայ իր երկրէն հեռու եւ ծովէն անդին պատերազմ մղել, Ամերիկայի նման: Այս ճշմարտութի՛ւն է. այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ վերոյիշեալ արկածախնդրութիւնը կրնայ վերածուիլ արիւնոտ ճահիճի մը, որ կրնայ երկար տեւել: Աւելի՛ն. Սարաժի կառավարութիւնը կրնայ Թուրքիոյ գործակալը նկատուիլ Լիպիոյ մէջ եւ այդպիսով` կորսնցնել միջազգային աջակցութիւնը:

Ի վերջոյ, Էրտողան ամենամեծ վնաս կրողը պիտի ըլլայ, եթէ Լիպիոյ բանակի զօրավար Խալիֆա Հաֆթար տիրանայ կացութեան` ուժով թէ այլ կարգադրութեամբ:

Լոս Անճելըս
Փետրուար 2020

 

Նախորդը

Եթէ Խօսէինք Տարբերութիւններու Եւ Անոնց Մէկի Վերածման Մասին

Յաջորդը

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալուն Համար Հայ Մտաւորականները Շնորհակալական Այցելութիւն Տուին Սուրիոյ Դեսպանատուն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?