Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշտանորոգ Յանձնառութիւն

March 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 փետրուարին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովը յաջորդ օրը իր աշխատանքը շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Համաժողովին օրակարգը Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքային բոլոր ոլորտները կ’ընդգրկէր Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցում, Թուրքիա-Ազրպէյճան հակահայ պայքար, սփիւռքի մէջ հայապահպանում եւ այլն:

Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը զանազան երկիրներու մէջ տարիներ շարունակ ծառայած են Հայաստանի ու Արցախի շահերուն` յանուն հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու ձեռքբերման տարուող տարաբնոյթ աշխատանքներուն, յատկապէս իրազեկ դարձնելով տարբեր ժողովուրդներ, ատեաններ ու քաղաքական շրջանակներ Հայ դատի էութեան:

Վայելելով մեր ժողովուրդի լայն շրջանակներուն վստահութիւնն ու աջակցութիւնը` անոնք դիւանագիտական ու քաղաքական աշխատանքի հսկայ փորձառութիւն կուտակած են եւ այդ փորձառութիւնը փոխանցած սերունդէ-սերունդ` ամէն ժամանակներու մէջ քաղաքականացած երիտասարդ մարդուժ ունենալու եւ զայն մասնագիտացման ուղղելով ծառայեցնելու Հայ դատին, Հայաստանին ու Արցախին:

Հայ դատի 20 յանձնախումբերուն քաղաքական-քարոզչական աշխատանքը համադրուած է մէկ ընդհանուր ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ, զոր կը սահմանէ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը: Հայ դատի յանձնախումբերուն աշխատանքային ծրագիրները մերթ ընդ մերթ քննարկելու, նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ տարբեր շրջաններու աշխատանքային փորձառութիւնը փոխանակելու համար կը գումարուին նման խորհրդաժողովներ, որոնք սերտողութիւններու, քննարկումներու օրակարգերով յագեցած կ’ըլլան ու նոր առաջարկներով կը հարստացնեն Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքը:

Այս խորհրդաժողովները փորձառութիւններու փոխանակման կողքին, Հայ դատի զինուորագրեալներուն յանձնառութիւնը շեշտադրելու եւ մարտավարութիւնը ուրուագծելու կոչուած հանդիպումներ են, որոնք ներկայ ժամանակներուն համապատասխանող աշխատելաձեւեր կը ճշդեն ու նոր փորձառութեամբ ու գիտելիքներով կ’օժտեն հայրենիքէն ու սփիւռքի զանազան շրջաններէն միեւնոյն նպատակին համար տագնապող մասնակիցները:

Այս յանձնառութեան կ’ակնարկէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, երբ բացման իր խօսքով կը շեշտէր. «Արցախը սերունդները պիտի ներշնչէ այն հաստատ հաւատքով, որ կամքի առկայութեան պարագային, նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար»:

Միջազգային, քաղաքական սրընթաց զարգացումներուն լոյսին տակ Հայ դատը այսօր աւելի ծանրակշիռ տարողութիւն կը ստանայ աշխարհի մը մէջ, ուր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը շրջապատող արտաքին ուժերու հաւասարակշռութիւնը յարափոփոխ հեռանկարներ կը պարզէ:

«Գ.»

Նախորդը

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պաքուի Եւ Սումկայիթի Հայկական Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւններ Հնչեցին

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտութիւնը Մշտական Զգօնութիւն Է Պահանջում

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.