Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պաքուի Եւ Սումկայիթի Հայկական Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւններ Հնչեցին

Մարտ 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի խորհրդարանին մէջ երեսփոխանները Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին: Խորհրդարանին անդամները նշեցին, որ Քանատայի ամբողջ հայութիւնը այս օրերուն յարգանքի տուրք կը մատուցէ Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ ոճրագործութեան զոհ դարձած հազարաւոր հայերու յիշատակին:

Քանատայի Համայնքներու պալատի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Էմանուելա Լամպրոփուլոս նշեց, որ Պաքուի եւ Սումկայիթի տարելիցները զիրենք կը ստիպէ խօսիլ այդ նիւթին մասին, որովհետեւ իրենք կ՛ապրին երկրի մը մէջ, ուր տարբեր ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններ կրնան մասնակցիլ երկրի քաղաքականութեան:

«30 տարի առաջ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցան հայերու ջարդերը: 7 օրուան ընթացքին հարիւրաւոր հայեր ենթարկուեցան բռնութիւններու, սպաննուեցան եւ արտաքսուեցան քաղաքէն: Այդ յանցագործութիւններով երկրին մէջ աւարտին հասան հայերուն նկատմամբ սկսած ցեղային զտումները: Շուրջ 500 հազար հայեր տեղահան եղան ու ցրուեցան աշխարհի տարածքին, նաեւ` Քանատա: Հայերու կոտորածներ կատարուեցան նաեւ Սումկայիթի մէջ, ինչ որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը», նշեց Լամպրոփուլոս:

Երեսփոխան Պոպ Սարոյա Քանատայի խորհրդարանէն պահանջեց շարունակել հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխման յանձնառութեան: «Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման պահանջին` ազրպէյճանական իշխանութիւնները կազմակերպեցին հայ բնակչութեան կոտորածներ ու ցեղային մաքրագործումներ Սումկայիթի եւ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Այս ջարդերը Ազրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ քսենոֆոպիայի, ատելութեան եւ խտրականութեան վկայութիւն են, որ, ցաւօք, կը շարունակուի», յայտնեց ան:

Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի իր խօսքին մէջ Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերը մարդկութեան դէմ նողկալի յանցագործութիւն անուանեց: «Լաւ լէ զ՛իլ համայնքին եւ ամբողջ Քանատայի հայերը կը յիշատակեն Պաքուի եւ Սումկայիթի հայերու ցեղասպանութիւնը:  Անիկա մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր, որ շատ մարդոց կեանքը խլեց: Այդ ցաւը դեռ թարմ է անկէ վերապրածներուն յիշողութիւններուն մէջ: Այսօր,  եկէք, պահ մը յարգանքի տուրք մատուցենք այս բարբարոսական բռնութենէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով տուժածներուն: Այս սարսափելի ողբերգութիւնը յիշատակելով` մենք կը հասկնանք, թէ որքա՛ն բախտաւոր ենք, որ կ՛ապրինք Քանատայի պէս երկրի մը մէջ, ուր մարդու հիմնարար իրաւունքները կը յարգուին, եւ ուր բոլորս ունինք մարդկային նոյն արժէքները` հանդուրժողականութիւն, յարգանք եւ արդարութիւն», յայտնեց Խուրի:

 

Նախորդը

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը 100 Միլիոն Տոլարէն Աւելի Աջակցութիւն Կը Պահանջէ Հայաստանի Եւ Արցախի Համար

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշտանորոգ Յանձնառութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?