Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեան Ասթանա հինգերորդ անգամն ըլլալով դարձաւ երկրին գերբաժակակիր` նուազագոյն հաշիւով յաղթելով Քայսարին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ նախորդ յունուարին միացած էր Ասթանայի, այսպիսով իր կազմին հետ դարձաւ տիտղոսակիր:
26 տարեկան Բարսեղեան այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ 69 վայրկեան:
Նշենք, որ Բարսեղեան, որ նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Քայսարի, անոր հետ հանդիսացած էր` երկրին բաժակակիր: