Ձմեռնային արձակուրդէն ետք, շաբաթ, 29 փետրուարին վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Փիւնիկ, որ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրընկալեց Գանձասար – Կապանը` արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փիւնիկի կոլերը նշանակեցին Արազ Օզպիլիս (33-րդ` փենալթիով) եւ Կարլեն Մկրտչեան (41-րդ):
Տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին Շիրակ` Գիւմրիի մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Նոային:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր, Արարատ կը մրցի Արարատ – Արմենայի դէմ, իսկ Ուրարտու` Լոռիի դէմ: