Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, պահեց իր դիրքը ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ հրապարակուած մարտ ամսուան նոր դասաւորման մէջ: Ան մնաց 6-րդ:
Հայաստանէն առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (51-րդ), Հրանդ Մելքումեան (77-րդ) եւ Կարէն Գրիգորեան (78-րդ):
Միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն: