Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (18 Փետրուար 2020)

Փետրուար 18, 2020
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սալբի Մանճիկեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Սիլվի Մանճիկեան եւ զաւակները` Արա, Ատոմ եւ Կոմս
Տէր եւ տիկին տոքթ. Շաղիկ եւ Խրիստօ Փրիցաս եւ զաւակը` Լէոնիտաս
Հոգեշնորհ հայր Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան
Օրդ. Վերա Մանճիկեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ատոմ եւ Թալին Մանճիկեան եւ զաւակը` Նիկոլ
Մանճիկեան եւ Խըտրեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Փրիցաս ընտանիքներ
Թիթիզեան եւ Կարճիկեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Գարայեան ընտանիքներ
Ռշտունի եւ Գազազեան ընտանիքներ
Ճուրեան եւ Բենինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ԱԲԻԿ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 17 փետրուար 2020-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի կատարուի երեքշաբթի, 18 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 19 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, հանգուցեալին բնակարանը, Ռապիէ` փողոց 9, Մանճիկեան շէնք:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան:

————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Անի Էսքիճեան եւ զաւակը` Սագօ
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Նաթալի Տէպլօղեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Թինօ եւ Վիքի Չիֆթճեան եւ զաւակը
Լեւոն, Վիգէն եւ Թալին Էսքիճեաններ
Տիկին Նուէր Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գալայճեան
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Գալայճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Գալայճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Ժուլագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Ռիթա Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Գարոլ Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Էսքիճեան եւ Տէպլօղեան ընտանիքներ
Չիֆթճեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Դարբինեան եւ Տուրնայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ԷՍՔԻՃԵԱՆԻ (ԿՐԷՔ)
(Ծնեալ` 1943-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 18 փետրուարին` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 18 եւ չորեքշաբթի 19 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:

————————————-

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, հակառակ Լիբանանի տագնապալի իրավիճակին, հաւատքով եւ յոյսով լեցուած, կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը:

Օրհնութեամբ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ

Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնախմբութիւնը պիտի սահմանափակուի Սուրբ պատարագով եւ մատաղի օրհնութեամբ:

Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Քարոզիչ Լիբանանի Հայոց թեմի

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 8:00-ին
Դիմաւորութիւն`ժամը 9:30-ին
Ս. պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք`ժամը 12:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու այս հոգեպարար արարողութեան, լսելու եւ գօտեպնդուելու Աւարայրի ոգիով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————-

ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:

Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————-

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Նախագահութեամբ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեան, որպէսզի Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած` ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————-

«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԸ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած եւ աւանդութեան վերածուած «Անսխալ-գրենք» մրցումը, փոփոխութեան ենթարկուած ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` յաջորդաբար Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն յատուկ:

————————————-

 

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ»

Թալէաթ փաշայի հեռագիրները եւ հայոց ցեղասպանութիւնը

Հեղինակ` ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ

Արաբերէն թարգմանութիւն` ԳԷՈՐԳ ԽԱԹՈՒՆ ՈՒԱՆԷՍ

Հրատարակութիւն` «Տար Ֆարապի» հրատարակչատուն

Պէյրութ
2019

————————————-

ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

 

 

 

Արցախ ֆոնտի կազմակերպած վիճակահանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար հինգշաբթի, 27 փետրուար 2020-ին, յետաձգուած է հինգշաբթի 2 յուլիս 2020-ին:

————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Երեւան Փլազա, 8-րդ յարկ, 2 ննջասենեակ, հիւրասրահ` իր յարակից մասերով: Հեռ. 78-969090:

————————————-

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 500.000 լ. ո.- (հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի)

18 փետրուար 2020

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կիրակի, 8 մարտ 2020-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Յաղթած Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (18 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?