Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաձեւը Կ՛արտացոլացնէ Սուրիոյ Ժողովուրդին Մարդասիրական Վսեմ Վերաբերմունքը` Ցեղասպանութեան Օրերուն Սուրիա Ապաստանած Հայութեան Նկատմամբ

Փետրուար 14, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը 13 փետրուարին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող:

Տասնամեակներէ ի վեր Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը քաղաքական, յարաբերական, քարոզչական, մշակութային հետեւողական աշխատանք կը ծաւալէ հանրային կարծիք ձեւաւորելով` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը հաստատելու համար:

Այս շրջագիծին մէջ անցնող տարիներուն արաբերէն բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս տեսան` գործակցաբար Հայ դատի բարեկամներու հետ, նոյն նպատակով յարաբերական աշխատանք ծաւալեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սուրիա հասած հայ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարած արաբ ցեղապետներուն հետ:

Այս աշխատանքները արդիւնաւորուեցան 13 փետրուար 2020-ին, երբ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններու եւ սուրիահայ մտաւորականներու ջանքերով, Սուրիոյ խորհրդարանը, որ կը ներկայացնէ սուրիական ընկերութիւնը կազմող բոլոր բաղադրիչները, միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց զայն, որպէս 20-րդ դարուն իրագործուած դաժան ոճրագործութիւն: Բանաձեւը կ՛արտացոլացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին տարիներ առաջ ցուցաբերած մարդասիրական վսեմ վերաբերմունքը` Ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիա ապաստանած հայութեան նկատմամբ:

Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին` որդեգրելու նոյն կեցուածքը եւ դատապարտելու Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը: Դար մը առաջ գործուած ոճիր մը, որ կը շարունակուի գործադրուիլ այսօր Սուրիոյ հողերուն վրայ, նոյն քաղաքականութեամբ, նոյն ոճով, նոյն ոտնձգութիւններով ու անօրէնութիւններով: Ի վերջոյ նոյն հեղինակն է, որ կը ստորագրէ երկու ոճրագործութիւններուն ներքեւ:

Սուրիահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը յայտնէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Սուրիոյ արդար պահանջներուն, անոր հողային ամբողջականութեան եւ այդ հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան հաստատման: Մօտեցում մը, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն` սուրիական հայրենիքին նկատմամբ սուրիահայութեան դրսեւորած հայրենասիրական մօտեցումներով:

Արձանագրուած այս քայլը Հայ դատի աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ առնուած քայլ մըն է, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցում, մինչեւ գրաւուած հողերու ազատագրում եւ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի կերտում:

Նախորդը

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ` Անտեսելու 5 Ապրիլի Հանրաքուէն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Սուրիոյ Խորհրդարանի Քայլը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?