Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան, Ռուսիա Եւ Չինաստան Պիտի Շարունակեն Ռազմական Ոլորտի Մէջ Համագործակցութիւնը

February 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանը, Ռուսիան ու Չինաստանը մտադիր են շարունակել ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը եւ միացեալ ռազմափորձերու կայացումը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալին:

«Որոշուած է, որ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Ատիկա կարեւոր իրադարձութիւն էր: Երեք երկիրներու կամքն ու վճռականութիւնը այն է, որ ապագային շարունակուի այդ համագործակցութիւնը», յայտարարած է դեսպանը:

Յիշեցնենք, որ 27-30 դեկտեմբեր 2019-ին Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային մասին եւ Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցան Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ծովուժերու միացեալ ռազմափորձերը:

«Այս ռազմափորձերու ուղերձը խաղաղութիւնն է, բարեկամութիւնը եւ կայուն անվտանգութիւնը», Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին ըսած էր Իրանի ծովուժի ներկայացուցիչ Ղոլամռեզա Թահանի:

Անոր համաձայն, ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան 17 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի մէջ:

Ռազմափորձերը կը կրեն «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անունը: Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էր, թէ միացեալ գործողութիւնները փորձարկումներ են ահաբեկչութեան եւ ծովահէնութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերող:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ նախքան ռազմափորձը Մոսկուա տուած այցելութեան ընթացքին ընդգծած էր, որ ռազմափորձերը ուղղուած չեն երրորդ երկիրներու դէմ: Փենթակոնէն, սակայն, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի հետեւին Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ռազմափորձերուն:

Իրանեան ծովուժի հրամանատարի օգնական ծովակալ Ղուլամ Ռիտա Թահանի իր կարգին յայտարարած էր երեք երկիրներուն «Մեծ ռազմափորձերու» սկիզբը` նշելով. «Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք ասիկա առաջին անգամն է, որ Իրան աշխարհի վրայ երկու մեծ ծովուժերուն հետ ռազմափորձեր կը կատարէ, այդ ալ` այս մակարդակով»:

Նախորդը

Իրան Կը Մեղադրէ Միացեալ Նահանգները` Արբանեակի Ծիրի Վրայ Դնելու Փորձի Ձախողութեան Համար

Յաջորդը

Սուրիոյ Բանակը Սուրիոյ Դրօշը Բարձրացուց Հալէպ-Դամասկոս Ճամբուն Վրայ

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են  Ուքրանական Հակամարտութիւնը»
Միջազգային

Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են Ուքրանական Հակամարտութիւնը»

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.