Իրանի մէջ 9 փետրուարին տեղի ունեցած էր իրանեան արտադրութիւն եղող «Զաֆար» արբանեակի արձակումը, սակայն զայն փոխադրող հրթիռը չէ կարողացած սարքը հասցնել ծիր: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` յղում կատարելով Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանի հրապարակած յայտարարութեան:
Արձակումը տեղի ունեցած է Սեմնան նահանգի մէջ գտնուող Իմամ Խումէյնիի անուան տիեզերակայանէն: Իրանեան «Սիմորգ» հրթիռը յաջող մեկնարկ ունեցած է, սակայն չէ կարողացած անհրաժեշտ արագութիւնը հաւաքել արբանեակը անհրաժեշտ բարձրութեան վրայ հասցնելու համար:
Իրանի տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութիւններու նախարար Մոհամմետ Ժաւատ Ազարի Ճահրոմին յայտարարած է, որ արբանեակի անյաջող արձակումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պատճառով:
Անոր խօսքով` ամերիկեան պատժամիջոցները խանգարած են յաջողութեամբ աւարտել արձակումը եւ «Զաֆար» արբանեակը ծիր դուրս բերել:
«Հրթիռներու եւ արբանեակներու ոլորտին մէջ մեզի դէմ պատժամիջոցներ հաստատուած են», նշած է Ճահրոմի:
Այս արձակումը ծրագիրին մէջ վերջինն էր, որ, ըստ Միացեալ Նահանգներու, թեւաւոր հրթիռներու ստեղծման համար Իրանի համար զուտ քօղարկման միջոց կը հանդիսանար: Թեհրան կը հերքէ այս վարկածը:
Իրան յունուար 2019-ին չէր յաջողած քանի մը արբանեակ արձակել ծիր: Այդ ժամանակ այդ փորձը քննադատած էին շարք մը երկիրներ, որոնք նշած էին, թէ Իրանի քայլերը չեն համապատասխաներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2231 բանաձեւին, որովհետեւ ատոնց իրականացման համար հրթիռներ օգտագործուած են:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը այլ երկիրներու, տուեալ բանաձեւը Իրանին կ՛արգիլէ հրթիռներ արձակել: