Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի, Ֆըրզոլի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց ներկայութեան շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Լահուտ նկատել տուաւ, որ այդ միասնականութիւնը շատ կարեւոր է` քայլ պահելու համար քաղաքական, միջազգային, ապահովական, տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար:
Զօր. Լահուտ խստիւ դատապարտեց Դիմադրութեան եւ բանակին դէմ կատարուած ցեխարձակումները, ինչպէս նաեւ անոնց երկուքին միջեւ լարուածութիւն ստեղծելու փորձերը` նշելով, որ այդ փորձերը ապարդիւն դուրս պիտի գան:
Այս ծիրին մէջ, զօր. Լահուտ անտեղի գտաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի դէմ սանձազերծուած արշաւը եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու անոր:


