27-31 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ կայացաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը:
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու ենթայանձնախումբի նախագահ:
Վլատիմիր Վարդանեան Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահն է, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր:
Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Էտմոն Մարուքեան եւս ընտրուած է ԵԽԽՎ-ի կարեւորագոյն յանձնախումբերէն մէկուն` Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ: Յանձնախումբի նախագահը ունի 3 փոխանորդ:



