Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն իր գումարած վերջին ժողովին կազմեց չորս անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւններն ու դասաւորումները պիտի ընէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այժմէն իսկ լաւապէս պատրաստուիլ 2015-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական 13-րդ խաղերուն: Այդ չորս անդամներն են` նախագահ Անթուան Շարթիէ, փոխնախագահներ Թոնի Խուրի ու Հաշեմ Հայտար եւ ընդհանուր քարտուղար Իզզաթ Քըրայթեմ:
Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նշանակուեցաւ Լիբանանի ներկայացուցիչը` 26 մայիս 2012-ին Քանատայի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու համագումարին ներկայ գտնուելու համար:
Ինչ կը վերաբերի 8 փետրուար 2012-ին Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի համագումարին, Հայտար եւ Քըրայթեմ պիտի ըլլան Լիբանանի ներկայացուցիչները:


