«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մինչեւ յունուարի վերջը ծերակոյտի քննարկման պիտի դրուի:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ բազմաթիւ քաղաքագէտներ կը կարծեն, որ ծերակոյտը «պիտի չշտապէ» օրինագիծը որդեգրելու մինչեւ Ֆրանսայի յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան համապատասխանաբար ապրիլին եւ յունիսին:


