Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՔԱՐԻՒՂԻ ՄԱՐԶԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԾՐԱԳԻՐԸ

January 5, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ քարիւղի մարզի խորհուրդին վերաբերող ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ այս մարզի կառավարման ելեւմտական եւ վարչական կողմերը, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներու ոլորտը, ինչպէս որ առաջարկուած է փորձագիտական յանձնախումբին կողմէ:

Նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը գործունեայ պիտի չըլլայ, բացի եթէ ներքին եւ սահմանադրական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ամրապնդէ:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան հարցերը պատճառ չեն դարձած, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հետեւի շրջանային իրադարձութիւններուն:

Վարչապետը դրուատեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նոր տարուան գիշերուան համար որդեգրուած ապահովական յատուկ միջոցառումները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ապահով եւ խաղաղ գիշեր մը անցընել:

Վարչապետ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարենայ յաջողութիւններ արձանագրել հիմնական չորս հարցերու` քարիւղի պեղման, պետական նշանակումներուն, պետական պիւտճէի նախագիծի վաւերացման եւ աշխատավարձի սրբագրութեան մարզերուն մէջ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելման առումով

անհրաժեշտ է հիմնուիլ տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան վրայ, որովհետեւ անիկա կը նկատուի դրական նախաձեռնութիւն մը:

Արիտի աւելցուց սակայն, որ ի վերջոյ աշխատավարձերու յաւելման վերջնական որոշումը կառավարութեան մօտ կը գտնուի:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդին կատարած աշխատանքներն ու այս  տարուան ընթացքին գործադրուելիք միամեայ աշխատանքային ծրագիրը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշը, որուն հետ քննարկեց շարք մը օրինագիծեր:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՏՐԻԱՆԱՊՈԼՍՈՅ ՆԱՀԱՆԳԸ ՃԱՆՉՑԱՒ «ԱԼՃԵՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.