«Համշէնուհի» համշէնահայ կիներու միջազգային միութեան նախագահ Սայիտա Օհանեան կը յայտնէ, որ միութիւնը դիմած է Նոպելեան յանձնախումբին` առաջարկելով Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը յանձնել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին:
«Մենք արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով դիմած ենք Նոպելեան յանձնախումբին` առաջարկելով 2020 թուականի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանին, մարդ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդի եւ Մեծն Միջին Արեւելքի, որուն մէջ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ ինքնին Թուրքիոյ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան», նշած է ան:
«Այսօր ան այն քիչ մարդոցմէ է, որ պատասխանատուութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական արժէքները, շրջանի բնիկներու, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Ըլլալով արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա շրջանէն, 1894-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացած հայերու ընտանիքէ, իբրեւ իր պատմական հայրենիքին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգ, ան անձնապէս ծանօթ է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս սարսափելի յանցագործութեան բոլոր հետեւանքներուն յանցագործութիւն մը, որ ճանչցուած եւ դատապարտուած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բոլոր յառաջատար երկիրներուն, Եւրոպական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազդեցիկ միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւններուն կողմէ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Փայլան Նոպելեան մրցանակի ներկայացուած էր նաեւ 2018 թուականին:



