Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Նետրլանտներու Դեսպանատան Մօտալուտ Բացում

January 24, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22-23 յունուարին Նետրլանտներու (Հոլանտա) արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի: 23 յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ, որոնք անկէ ետք տուին մամլոյ ասուլիս մը:

Զ. Մնացականեան նշեց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ասիկա Նետրլանտներու արտաքին գործոց նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է Հայաստան:

«Պարոն Պլոքը Հայաստան հասած է Նետրլանտներու դեսպանութեան մօտալուտ բացման եւ այս տարի Հայաստանի վարչապետի` Նետրլանտներ կատարելիք այցելութեան ընդառաջ», յայտնեց նախարարը:

Ըստ անոր, կը զարգանան ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական կապերը:

Կարեւոր նկատուեցան նաեւ խորհրդարաններուն միջեւ կապերը, տնտեսական մարզին մէջ մեծ ներուժի օգտագործումը, ապօրինի գաղթականութեան ոլորտին մէջ հայ-նետրլանտական նշանակալի համագործակցութիւնը: Զ. Մնացականեան նշեց, որ այս յարաբերութիւնները կարեւոր են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հարթակին վրայ, եւ այս առումով նախորդ տարեվերջին Նիտրլանտներուն կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի վաւերացումը: Ան խօսեցաւ նաեւ մշակութային երկկողմանի կապերու զարգացման մասին, որուն ապացոյցներէն է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու թարգմանութիւնը:

Զոհրապ Մնացականեան դիտել տուաւ, որ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին: «Գործընկերոջս տեղեկացուցի խաղաղ գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումներուն մասին: Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ ընդգծել Եւրոպական Միութեան յառաջատար երկիրներէն մէկուն` Նետրլանտներու հաւասարակշռուած դիրքորոշումը` իբրեւ աջակցութիւն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», ըսաւ ան:

Սթեֆ Պլոք ըսաւ, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկրին Մէջ Քաոսային Վիճակներ Կան»

Յաջորդը

Փաշինեան Եւ Սթեֆ Պլոք Քննարկեցին Հայ-Նետրլանտական Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.