
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի անգամ մը եւս կրկնեց ամերիկեան ծովուժին Ծոցի մէջ ներկայութենէն զգուշացնող իր երկրին կեցուածքը: Ան ըսաւ, որ այդ ներկայութիւնը վնասակար է եւ շրջանին մէջ միայն լարուածութիւն կը ստեղծէ:
Վահիտի յայտնեց, որ Հորմուզ նեղուցի ապահովութիւնը այն կարեւոր հարցերէն է, որոնց մօտէն եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի` նշելով, որ իր երկիրը աշխուժօրէն կը ջանայ այդ նեղուցին ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը երաշխաւորելու:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Թեհրանի դէմ շղթայազերծուած արշաւին նպատակը այն է, որ անոր թշնամիները կը ջանան շրջանի երկիրներուն զէնք ծախել:


