Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՈՐՈՒԺԵՐՏԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵԼՈՒ

January 5, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալաէտտին Պորուժերտի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` երէկ երեկոյեան իրանցի իր պաշտօնակից Ալի Աքպար Սալեհիի հետ Իրանի հիւլէական ծրագիրն ու Սուրիոյ կացութիւնը քննարկելու համար Թեհրան կատարած այցելութենէն ժամեր առաջ, Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի Թուրքիոյ կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը փոխելու:

Անդրադառնալով Տաւութօղլուի Թեհրան կատարելիք այցելութեան` Պորուժերտի յայտնեց, որ «եթէ Թուրքիա Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը բարեփոխէ եւ այդ երկրին մէջ եղող ճշմարտութիւնները ընդունի, ապա այդ ատեն Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ սուրիական տագնապին շուրջ հասարակաց դիւանագիտութեան ենթահող պիտի ապահովուի»:

Ան ըսաւ, որ այդ այցելութիւնը լաւ առիթ մըն է շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան մեքանիզմներու ապահովման շուրջ բանակցելու: Պորուժերտի յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Անգարայի հետ տեսակէտներու փոխանակումը եւ շրջանային ապահովութիւն գոյացնելու միացեալ ջանքերը: Ան նաեւ հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի` ընդառաջելով իր թուրք պաշտօնակիցին հրաւէրին, յառաջիկայ օրերուն Անգարա պիտի այցելէ:

Մինչ այդ, թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Ալեքսանտրէթի նահանգին վերեւ, սուրիական սահմանին մօտ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նշմարած է: Զինուորական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ իսրայէլեան սարքը չորս ժամ շրջանին վերեւ թռիչք կատարած եւ թրքական հակաօդային համակարգեր եւ ռատարներ լուսանկարած է: Շրջանին մէջ գտնուող թրքական ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են եւ թրքական օդուժը շրջան ուղարկած է երկու «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ, որոնք Տիգրանակերտի մէջ իրենց զօրակայանը վերադարձած են, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը հեռացած է շրջանէն:

Նշենք, որ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թուրքիա Ալեքսանտրէթի Սուրիոյ սահմանամերձ Քալաա գիւղին մօտ տեղակայած է «Հոք» տիպի հակաօդային հրթիռներ, որոնք Սուրիոյ կողմէ Թուրքիոյ սահմանամերձ Գամիշլի եւ Այն Տուր շրջաններուն մէջ ռուսական արտադրութեամբ «Սքոտ» տիպի հրթիռներ տեղակայելու քայլին պատասխան են:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ հարցով արաբ նախարարներու յանձնախումբը պիտի քննարկէ արաբ դէտերու առաջին զեկուցումը եւ կոչ պիտի ուղղէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստի մը, որ պիտի որոշէ դէտերու առաքելութիւնը շարունակել կամ զանոնք Սուրիայէն հեռացնել:

Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր կարգին կը յայտնէ, որ եթէ Արաբական լիկան արաբ դէտերը Սուրիայէն հեռացնէ, այդ մէկը նեղ կացութեան պիտի մատնէ լիկան, որ «անցեալ տարի սուրիական վարչակարգին բռնարարքներուն դէմ իր խիստ կեցուածքներուն համար նախապէս բազմաթիւ կողմերէ գովաբանուած էր»:

 

Նախորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՎՐԵՆԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.