Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հարսանիք Թիկունքում»-ը 2020-ի Գարնան Մեծ Պաստառ Պիտի Բարձրանայ
Մեկնարկած են ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը ժապաւէնի վերածելու աշխատանքները Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնին մէջ` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնէն կը յայտնեն, որ 2018-ին բեմ բարձրացած ներկայացումը շուտով պիտի ցուցադրուի շարժապատկերի բոլոր սրահներուն մէջ` կարելիութիւն ստեղծելով նաեւ սփիւռքահայերուն դիտելու այս ժապաւէնը:
30 մայիս 2018-ի առաջին ներկայացումէն մինչեւ օրս «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը խաղցուած է 65 անգամ` ունենալով շուրջ 33.000 հանդիսատես: Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի, Արցախի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ հանրապետութեան շարք մը քաղաքներու մէջ:
Այս տարի Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնը առաջարկ ստացաւ «Հարսանիք թիկունքում»-ը մեծ պաստառ բարձրացնելու 2020-ի գարնան:
Ստեղծագործական խումբին մէջ ներառուած են` բեմագիր Անահիտ Աղասարեան, բեմադրութեան հեղինակ Լիւդվիգ Յարութիւնեան, բեմադրիչ Արշալոյս Յարութիւնեան, նկարահանութեան պատասխանատու Սուրէն Թադեւոսեան, նկարիչ Գարեգին Եւանգուլեան, զգեստներու նկարիչ Լուսինէ Խաչատրեան, յօրինող Հայկօ, արտադրիչ Արման Միտոյեան:
«Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ցեղասպանութիւնը». Լոյս Տեսաւ Իպրահիմովի «35 Նամակ Որդուս» Գիրքը
16 յունուարին «Պաքու 1990. Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն, մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան յայտնեց, որ 1990 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը Օսմանեան կայսրութեան որդեգրած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է:
«Ազրպէյճան իր ստեղծման առաջին իսկ տարիներէն որդեգրած է հայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան անփոփոխ մնացած, հետեւողականօրէն իրականացուող քաղաքականութիւն: Ազրպէյճան երբեւիցէ չէ տարբերակած, թէ ո՛ր տեղանքի հայ է` Հայաստանի, Արցախի, Վրաստանի, Ազրպէյճանի… կապ չունի: Կայ քաղաքականութիւն, ուր յստակ նշուած է` հայերը եկուոր տարր են այս տարածաշրջանին մէջ եւ պէտք է այստեղէն դուրս մղուին: Ատոր համար ալ գործադրուած են այդ անմարդկային գործողութիւնները», ընդգծեց Ալավերդեան:
Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան վերաբերող հռչակագիրին մէջ նշուած բոլոր հինգ ձեւերը կիրարկուած են 1990 թուականի յունուարին, եւ այս հարցին նկատմամբ բոլորը պէտք է յստակ դիրքորոշում ունենան: «Ազրպէյճան, որ ստեղծուած էր Թուրքիոյ կողմէ, պէտք է շարունակէ նոյն ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, ինչ որ կը կատարէ մինչեւ օրս», նշեց Ալավերդեան:
Ասուլիսին ընթացքին Լարիսա Ալավերդեան ներկայացուց ազրպէյճանցի գրող, քաղաքական հալածեալ Զէյնալ Իպրահիմովի «35 նամակ որդուս» գիրքը, ուր կը նկարագրուի 1990 թուականի յունուարին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Այդ գիրքին մէջ ներառուած է նաեւ Իպրահիմովի հարցազրոյցը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Քաթերինա Փրոքոֆեւայի հետ: Այդ հարցազրոյցէն ետք լրագրողը գործէ արձակուած է:
«Զէյնալ Իպրահիմովը քաղաքական ապաստանեալ է: Ան այս գիրքը գրած է 2018 թուականին: Անիկա շատ լայն տարածում ունի համացանցին վրայ», աւելցուց Ալավերդեան:
Ազրպէյճանցի գրողը Արցախը ճանչցած է իբրեւ հայկական տարածք եւ դատապարտած է Ազրպէյճանը` պատմութեան ամբողջական խեղաթիւրման, ինչպէս նաեւ հայերու ջարդեր կազմակերպելուն համար:
Երեւան-Սեւան Մայրուղիին Վրայ Գտնուող «Արձագանգ» Եւ «Անվերջութեան Ժապաւէն» Քանդակները Պիտի Նորոգուին
Կոտայքի մարզպետարանէն կը տեղեկացնեն, որ նախորդ տարեսկիզբին Կոտայքի մարզպետը խօսած էր Կոտայքի մարզին մէջ, Երեւան-Սեւան մայրուղիի հարեւանութեամբ, երկու եզակի քանդակներու վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին, որոնք այսօր թալանուած եւ գործնականին մէջ ոչնչացուած վիճակի մէջ են:
Խօսքը Բիւրեղաւանի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Խաչատուր Յակոբեանի «Արձագանգ» եւ Չարենցաւանի հատուածին մէջ վեր խոյացող Դաւիթ Բեջանեանի «Անվերջութեան ժապաւէն» քանդակներուն մասին է, որոնց վերականգնման եւ յարակից տարածքներու բարեկարգման անհրաժեշտութեան մասին միտքը յղացած էր Հայաստանի վարչապետը թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդած ամիսներուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով անհրաժեշտութեան պարագային իր իսկ պահեստային ֆոնտէն հոգալու բոլոր անհրաժեշտ ծախսերը:
Այսօր արդէն իսկ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու գործօն ջանքի ներդրումով երկու քանդակներու վերականգնման եւ անոնց յարակից տարածքներու բարեկարգման, որոնց կարգին պատուանդաններու վերակառուցման ու տարածքներու գիշերային լուսաւորութեան նախահաշիւի բոլոր աշխատանքները աւարտած են, եւ շուտով պիտի սկսին անոնց վերականգնման ու վերատեղադրման աշխատանքները իրականացնելու մրցոյթները:
Մարզպետը յոյսով է, որ գարնանամուտին արդէն առարկայական յառաջընթաց պիտի արձանագրուի այս ուղղութեամբ, թէեւ կան տարածքներէն մէկուն տնօրինման վերաբերող հարցեր, որոնք ներկայիս կը լուծուին դատական կարգով:
«Երեւանի Շինարարները» Կտաւը` Պատմութեան Թանգարանին Մէջ
Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2020-ին թանգարանը պիտի ունենայ բաւական յագեցած ծրագիրներ: Այդ ծրագիրներէն Արմինէ Սարգսեան առանձնացուց «Կենդանի նկարը», որ նորագոյն արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով թանգարանային ցուցադրութիւն է` համահունչ ժամանակի ոգիին:
«Անիկա յատկապէս հետաքրքրական պիտի ըլլայ դպրոցական եւ ուսանողական այցելութիւններուն համար, որովհետեւ այդ ծրագիրով մենք փորձած ենք ոչ միայն հանրահռչակել թանգարանի կերպարուեստի հաւաքածոյին մէջ գտնուող Վահան Խորէնեանի` «Երեւանի շինարարները» կտաւը, որուն վրայ պատկերուած է վարդագոյն Երեւանի կառուցումը, այլ ասիկա արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով` կը փորձենք նորագոյն ճարտարարուեստի միջոցով հետաքրքրական դարձնել թանգարանը», նշեց Սարգսեան:
Ծրագիրին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ դեկտեմբեր 2019-ին, եւ արդէն իսկ այցելուներուն դատին ներկայացուած է Երեւանի կառուցման պատկերը:
Արմինէ Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ նախորդ տարի թանգարանը ունեցած է 20.707 այցելուներ: «Երեւանի 2800-ամեակի արարողութիւնների ժամանակ` 2018 թուականին, այցելուների թիւն աւելի շատ է եղել, քան նախորդ տարի. ունեցել ենք 23.000-ը գերազանգող այցելու», ըսաւ ան:
Թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցանմուշներուն թիւը կը գերազանցէ 97.000-ը, մինչդեռ 2005-ին եղած են 87.000 ցուցանմուշներ:
Թանգարանը ներկայիս կ՛իրականացնէ 5 կրթական ծրագիրներ, նաեւ` «Վերականգնենք հնագիտական առարկան» խորագիրով ծրագիրը, ինչ որ կ՛օգնէ սրելու երեխաներուն հետաքրքրութիւնը հնագոյն մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, երբ երեխաները իրենց ձեռքով կը կազմեն փազըլ` վերականգնելով տուեալ հնագիտական առարկան:
Հայաստանի Մնայուն Բնակչութիւնը` 2.965.300. Ամենացած Թիւը` 1990-էն Ի Վեր
1 յունուար 2019-ի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն բնակչութեան թիւը կազմած է 2.965.300 հոգի: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէն: Այս թիւը 1990-էն ի վեր Հայաստանի մէջ արձանագրուած մնայուն բնակչութեան նուազագոյն թիւն է:
Հակառակ այն իրողութեան, որ 2018-2019 թուականներուն արտագաղթի ծաւալները, ըստ դիտարկումներու, նուազած են, սակայն ծնելիութեան շարունակական անկումն ու մահացութիւններու աճը կը պայմանաւորեն Հայաստանի մնայուն բնակչութեան անկումը:
Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը` ըստ տարիներուն, 1990-էն սկսեալ, կը պարզէ հետեւեալ պատկերը. 1990-ին` 3.14.900, 1991-ին` 3.574.500, 1992-ին` 3.633.300, 1993-ին` 3.463.700, 1994-ին` 3.356.700, 1995-ին` 3.260.300, 1996-ին` 3.248.800, 1997-ին` 3.246.000, 1998-ին` 3.238.200, 1999-ին` 3.232.100, 2000-ին` 3.226.900, 2001-ին` 3.215.300, 2002-ին` 3.208.300, 2003-ին` 3.191.200, 2004-ին` 3.173.800, 2005-ին` 3.156.000, 2006-ին` 3,136,800, 2007-ին` 3,117,400, 2008-ին` 3.097.300, 2009-ին` 3.076.800, 2010-ին` 3.055.200, 2011-ին` 3.034.500, 2012-ին` 3.021.400, 2013-ին` 3.026.900, 2014-ին` 3.017.100, 2015-ին` 3.010.600, 2016-ին` 2.998.600, 2017-ին` 2.986.100, 2018-ին` 2.972.700, իսկ 2019-ին` 2.965.300:
Պեղումներուն Իբրեւ Արդիւնք` Արտաշատի Մէջ Յայտնաբերուեցաւ Հնագոյն Ջրամատակարարման Համակարգ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան ներկայացնելով նախորդ տարի, զանազան հնավայրերու մէջ կատարուած պեղումներուն արդիւնքները` յայտնեց, որ հնագիտութեան ասպարէզին մէջ 2019-ին կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուած են:
Ըստ անոր, 2019-ի հնագիտական պեղումներուն իբրեւ արդիւնք` Արտաշատի մէջ յայտնաբերուած է հնագոյն ջրամատակարարման համակարգի հսկայական հատուած մը, որ կը պատկանի հռոմէական շրջանին: «Ըստ էութեան, անոնք եղած են ջրանցքներ: Ջրամատակարարման համակարգի տուեալ հատուածը կը գրաւէ մօտ 1 քիլոմեթր տարածք, որուն վրայ բացուած են 20 ջրանցքներու հիմքեր», դիտել տուաւ ան:
Ըստ անոր, առասպելական մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ վերջին 10-15 տարիներուն կատարուած պեղումները կը վկայեն, որ անիկա լուրջ արքայանիստ քաղաք եղած է: 2020 թուականին, ըստ անոր, այստեղ պեղումները պիտի շարունակուին, որպէսզի հասկնան, թէ այդ տարածքին մէջ ի՛նչ պահպանուած է:
Պաւել Աւետիսեան նշեց նաեւ, որ Խոր Վիրապին կից սեփականաշնորհուած հողերուն մէջ գտած են հսկայական պալատական շինութիւններ, որոնց հիմքերը պահպանուած են: Տարածքին մէջ պէտք է ծրագիրներ մշակուին, եւ այդ ուղղութեամբ այս տարի աշխատանք պիտի տարուի:
Գիտնականը անդրադարձաւ նաեւ Արմաւիրի Լեռնագոգ գիւղի տարածքին մէջ 2-3 տարի առաջ յայտնաբերուած նէոլիթեան` նորաքարային շրջանի բնակավայրին: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք` յայտնաբերուած է ոչ շարժական բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը թուագրուած են Ք.Ա. 8-րդ հազարամեակի վերջ, 7-րդ հազարամեակի սկիզբ:
«Այդ կը նշանակէ, որ մենք Հայաստանի մէջ առաջին անգամ բացած ենք վաղ նէոլիթեան շրջանի բնակավայր, իսկ մինչ այդ Հայաստանի տարածքին մէջ կայուն հնագոյն բնակատեղիները յայտնաբերուած են Ակնաշէնի մէջ, Մասիս բլուրին վրայ` թուագրուած Ք.Ա. 6-րդ հազարամեակ», ըսաւ գիտնականը` աւելցնելով, որ Լեռնագոգի մէջ պեղումները այս տարի ալ պիտի շարունակուին:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ հնագէտները արձանագրած են քարէ դարու հետաքրքրական տուեալներ: «Լուսակերտ 1» հնագիտական յուշարձանին մէջ կատարուած է ուսումնասիրութիւն, յայտնաբերուած են ծանր անուշաբոյր ածխաջուրեր: Յատուկ հետազօտութիւններով փաստագրուած է, որ անոնք կը վկայեն կրակի ստացման օճախ ունենալու մասին: «Խօսքը այն մշակութային շերտին մասին է, զոր թողած է նեանտերթալեան մարդը: Ասիկա նորութիւն է նախամարդու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ: Մինչեւ այս դիտարկումները ընդունուած էին այն տեսակէտները, որ կրակը ստացած եւ օգտագործած է բանական մարդը: Նեանտերթալեան մարդը չէր կրնար արհեստականօրէն կրակ ստանալ: Այս հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ նեանտերթալեան մարդը կրնար կրակը արհեստականօրէն ստանալ: Ասիկա բաւական լուրջ ուսումնասիրութիւն է, որ միջազգային նշանակութեան արդիւնք ունի», յայտնեց Աւետիսեան:
Լուսակերտի քարանձաւի պեղումները կը կատարեն հայ մասնագէտները` ամերիկացի գիտնականներու հետ: Անոնք օրկանական նիւթերու հրկիզումէն յառաջացող միացութիւններու տուեալները համադրած են քարանձաւի մօտակայքէն վերցուած տուեալներուն հետ: Պարզուած է, որ քարանձաւին մէջ միշտ կրակ կ՛օգտագործուի այն պարագային, երբ անտառային հրդեհները այդ տարածքին մէջ հազուադէպ երեւոյթներ էին: Այս կը նշանակէ, որ նեանտերթալեան մարդը կրնար ինքնուրոյն կրակ ստանալ:
Կարեւոր ձեռքբերումներէն հնագէտը առանձնացուց հայ-իտալական արշաւախումբին կողմէ Կոտայքի մէջ Վանի թագաւորութեան շրջանին կառուցուած դղեակ-ամրոցին մէջ իրականացուած պեղումներու ծրագիրը, որ ներկայացուած է Եւրոպական մշակութային ժառանգութեան «Եուրոփա Նոսթրա» մրցանակաբաշխութեան, եւ որ յուշարձաններու պահպանութեան անուանակարգին մէջ արժանացած է առաջին մրցանակի: