Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՅԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՎ` ՍԱՐՔՈԶԻ ԻՐ ԴԻՐՔԵՐԸ Կ՛ԱՄՐԱՊՆԴԷ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

January 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու դարձեալ սուր քննադատութեան ենթարկած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ անոր կոչ ուղղած` այլ ժողովուրդներու տառապանքին վրայ կայսերապաշտական ծրագիրներ չկառուցելու:

«Սարքոզին եւ ֆրանսացի ղեկավարները իրենց պաշտօնները գրաւած են այլ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն դժբախտութիւն պատճառելով: Ժողովուրդի մը ցաւին մասին խօսիլը կ՛արգիլուի, իսկ այլ ժողովուրդ մը կը զրկուի արդարանալու իրաւունքէն, զայն կ՛ուզեն մեղաւոր «յայտարարել»` ծնունդէն ի վեր եւ յաւերժ: Մենք ատիկա թոյլ պիտի չտանք», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք Թուրքիա Փարիզէն տուն կանչեց իր դեսպանը եւ սառեցուց Ֆրանսայի հետ տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական յարաբերութիւնները:

Թրքական «Հապերլեր» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը դեսպաններու հետ հերթական հանդիպումի մը ընթացքին խօսած է 2009-ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին իր չարտասանած խօսքին մասին:

Տաւութօղլու նշած է, որ եթէ Ցիւրիխի մէջ խօսք արտասանէր, պիտի ըսէր. «Ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ` չյանձնուելու միայն միակողմանի յիշողութեան: Անհրաժեշտ է բոլոր յիշողութիւնները հաւաքել եւ խղճին առջեւ դնել: Միակողմանի ցաւի միջոցով պատմութիւն չի գրուիր: Այսպէս պիտի խօսէի: Հայերու ցաւին յարգանքով կը վերաբերինք, թող իրենք ալ մեր ցաւին յարգանքով վերաբերին»:

 

 

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

Յաջորդը

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ ԵՆ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.