Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

March 28, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրբ պատարագէն պահ մը

Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով ուրբաթ, 25 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցեց Էշրեֆիէի հայ կաթողիկէ Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ հովիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան` առընթերակայութեամբ փոխժողովրդապետ` Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի:

Սուրբ պատարագին մասնակցեցան արհիապատիւ եպիսկոպոսներ լիբանանաբնակ  եկեղեցական դասը, «Կիլիկիա» երգչախումբը, եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, հովուական յանձնախումբը եւ հաւատացեալներ:

Իր պատգամին մէջ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան յիշեց, թէ այս եկեղեցին` կառուցուած 1934-ին, աղօթքի վայր եղաւ մեր հաւատացեալ մեծ հայրերուն, ինչպէս նաեւ պատրիարք հայրերուն ու շատ մը եպիսկոպոսներու ու քահանաներու համար, որոնք սրբացան այս կամարներուն տակ:

Ան նշեց նաեւ, որ «այս տարի եւ խորհրդակցութեամբ հովուական յանձնախումբին, մեր եկեղեցւոյ վերաշինութեան տարին կը հռչակենք. եկեղեցին` քարեր եւ մարմին, զորս պիտի վերանորոգենք հոգիով, սակայն քաջ գիտնալով, որ եթէ բոլոր անդամները այս ուղղութեամբ չաշխատին, եւ Աստուած ալ ճարտարապետն ու կառուցող կարեւոր ձեռքը չըլլայ, ի զուր կը նորոգուին միայն քարերը:

«Աւետումը քրիստոնեաներուս համար ամէնէն կարեւոր տեղեկատուական եղելութիւնն է: Աստուծոյ պատգամաւորը լուր մը տուաւ կնոջ մը` Մարիամին, որմէ պիտի ծնէր նոյն ինքն  Աստուած, տալու համար մարդուն այս աշխարհիս մէջ ապրելու ոճ մը, որպէսզի յաւիտեան ապրի անոր հետ, այս աշխարհէն անդին»:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները եւ սիրոյ սեղանի ճաշկերոյթը ՀԿՄ-ի սրահին մէջ` կէսօրուան ժամը 12:30-ին: Հոն նշուեցաւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան տասնամեակը, եւ տէր Աւետիք Յովհաննէսեանին անուանակոչութիւնը: Հայր Վարդան շնորհաւորեց բոլոր հաւատացեալները եւ մաղթեց, որ այս եկող հովուական տարին ըլլայ եկեղեցւոյ շինութեան տարի մը:

Յիշենք, որ հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ ժամը 18:00-ին, Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցութեամբ Զմմառու Տիրամօր վանքի մեծաւոր հայր Միքայէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ նորընծայարանի ժառանգաւորներուն:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԳՈՌԱՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶԻ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ ԱՅԴ ՁԱՅՆԸ

Յաջորդը

«ԱՂԲԱՐԻ՜Կ, ԱՓԻԿ ՄԸ ՋՈ՜ՒՐ…» ԳԻՐՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.