Նետերլանտներու իշխանութիւնները պաշտօնապէս հրաժարած են Հոլանտա անունէն: Այս մասին կը հաղորդէ ՆՈՍ պատկերասփիւռի կայանը: Այժմ երկրին պաշտօնական անունն է Նետերլանտներ:
Ըստ լրատուամիջոցին, այս քայլը «միջազգային քարոզչական ծրագիրի մէկ մասն է», որ հրապարակուած էր ամիսներ առաջ:
1 յունուարէն սկսեալ, տեղական իշխանութիւնները, բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնները, սեփական ընկերութիւնները եւ տպագիր լրատուամիջոցները պարտաւոր են գործածել Նետերլանտներ անունը:
Ծանօթ է, որ իշխանութիւնները երկրի անուանափոխութեան համար վճարած են 200 հազար եւրօ: