Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Սպաննեցին Քասեմ Սիւլէյմանին, Իրան Կը Սպառնայ Վրէժ Լուծել

Յունուար 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին ու Իրաքի Ժողովրդային աշխարհազօրի ղեկավար մարմինի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտես երէկ սպաննուեցան, երբ ամերիկեան անօդաչու սարքեր Պաղտատի միջազգային օդակայանին մօտ հարուածեցին զանոնք փոխադրող երկու ինքնաշարժները: Անոնց հետ զոհուեցան 8 այլ անձեր: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի նոր նշանակուած հրամանատար Իսմայիլ Քաանի յայտնեց, որ չորս բարձրաստիճան սպաներ կ՛ընկերակցէին Սիւլէյմանիին:

Իրանեան պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սիւլէյմանի Պէյրութէն հասած էր Պաղտատ: Անոր ինքնաշարժը յարձակումի ենթարկուած է օդակայանէն դուրս գալէն ետք:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի այցելեց Սիւլէյմանիի տունը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հարազատներուն: Խամենէի նշեց, որ ոճրագործներուն մեծ վրիժառութիւն մը կը սպասէ` ընդգծելով, որ Դիմադրութեան ժիհատական ուղին կրկնակի վճռականութեամբ պիտի շարունակուի:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Սիւլէյմանիի ահաբեկումը նկատեց երկչոտ արարք մը, որ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու անճրկութեան ու անել կացութեան մատնուելուն յաւելեալ փաստ մըն է:

Իրանեան կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի իր կարգին յայտնեց. «Իրանեան կառավարութիւնը հաստատաբար պիտի լուծէ Քասեմ Սիւլէյմանիի արեան վրէժը»: «Ամերիկան կարմիր գիծը շրջանցեց, ուստի մեր պատասխանը խիստ պիտի ըլլայ: Իրանեան զինեալ ուժերը պիտի հակադարձեն այնպիսի ձեւով, որ Թրամփ զայն պիտի չմոռնայ»:

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթամի իր կարգին յայտարարեց. «Բոլոր յանցագործներէն ու ոճրագործներէն Սիւլէյմանիի արեան վրէժը պիտի լուծենք»: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի իր կարգին ըսաւ. «Ամերիկացիներն ու անոնց կողմնակիցները պիտի վճարեն այս ահաբեկչական ոճիրին գինը»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը արտակարգ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար Սիւլէյմանիի սպանութեան հակադարձելու կարելիութիւնները: ԻՐՆԱ հաղորդեց, որ Խամենէի առաջին անգամ ըլլալով կը գլխաւորէ նիստը:

Խորհուրդը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է գիտակցի, որ «Արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ ռազմավարական մեծ սխալ մը գործեց»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «այս սխալ հաշուարկին հետեւանքներէն դիւրութեամբ պիտի չխուսափին: Ոճրագործներուն հակադարձութիւնը տեղի պիտի ունենայ յարմար վայրի մէջ եւ ժամկէտին»:

Իրանի Ազգային բարձրագոյն խորհուրդը Սիւլէյմանիի ահաբեկումը նկատեց «ՏԱՀԵՇ»-ի եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն վրէժի լուծումը»` աւելցնելով «Իսլամական հանրապետութեան դիմադրութեան քաղաքականութիւնը շարունակելու կամքը դարձաւ աւելի ուժեղ»:

Ամերիկեան Կեցուածքը

Փենթակոն հաղորդեց, որ Սիւլէյմանիի ահաբեկման գործողութիւնը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով: «Պաշտպանողական արարք մը գործեցինք` պաշտպանելու համար արտասահմանի մէջ ամերիկացիները», նշեց Փենթակոնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց. «Քասեմ Սիւլէյմանին երկար ժամանակ սպաննած կամ վիրաւորած է շարք մը ամերիկացիներ, եւ կը ծրագրէր անոնցմէ շատերը սպաննել… սակայն ձերբակալուեցաւ: Ան ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պատասխանատու էր մահուանը համար միլիոնաւոր անձերու, ներառեալ վերջերս արձանագրուած մեծ թիւի մը մահը»:

Թրամփ այլ գրառումի մը մէջ նշեց. «Իրան երբեք պատերազմի մը մէջ չէ յաղթած, սակայն երբեք բանակցութեան մը մէջ չէ պարտուած»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Ֆոքս Նիուզ» եւ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան օդային հարուածին նպատակը «կանխարգիլումն էր մօտալուտ յարձակումի մը», որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկացիներու կեանքերը պիտի վտանգէր:

Փոմփէօ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը «ամերիկացիներու կեանքերուն անմիջական սպառնալիքներու հակադարձութիւն էր»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են «մագլցումի չդիմելու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու, ծերակուտական Պըռնի Սանտըրզ յայտնեց, որ Թրամփի արարքը «վտանգաւոր մագլցում մըն է, որ մեզ աւելի կը մօտեցնէ Միջին Արեւելքի մէջ այլ աղէտալի պատերազմի մը, որ կրնայ անհամար զոհեր պատճառել եւ եռիլիոններով տոլարներ արժել»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակարգը Իրանի դէմ ուժ կիրարկած է առանց լիազօրութեան, աւելի՛ն, առանց Քոնկրեսին հետ խորհրդակցելու: Պէտք է անմիջապէս Քոնկրեսի անդամները տեղեակ պահել այս վտանգաւոր կացութեան եւ վարչակազմին ուսումնասիրած յառաջիկայ քայլերուն մասին, ներառեալ շրջանին մէջ յաւելեալ ուժեր տեղակայելու այդ մեծ մագլցումին մասին»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու, ծերակուտական Էլիզապեթ Ուորըն Թրամփի քայլը նկատեց «անպատասխանատու»` նշելով, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ «սուղ նոր պատերազմէ մը խուսափիլը»: «Թրամփ Ամերիկան Իրանի հետ անօրինական պատերազմի եզրին կը տանի առանց Քոնկրեսի հաւանութեան: Պէտք է երկու կուսակցութիւններուն զօրակցութիւնը վայելող օրէնք մը որդեգրենք` արգիլելու համար Իրանի հետ հակասահմանադրական պատերազմը: Քոնկրեսը պէտք է անմիջապէս միջամտէ», ըսաւ ան:

Ծերակուտական Սթիվ Մըրֆի իր կարգին հարց տուաւ. «Ամերիկան Իրանի մէջ երկրորդ ամէնէն ազդեցիկ մարդը առանց Քոնկրեսէն լիազօրութիւն ստանալո՞ւ ահաբեկեց: Ամերիկան Սիւլէյմանին ահաբեկելով կրնայ հաւանական շրջանային լայնածաւալ պատերազմ մը շղթայազերծել»:

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ իր կարգին նշեց, որ Ամերիկան պէտք է պատրաստ ըլլայ «հակադարձ մեծ հարուածի մը: Իրաք եւ Միջին Արեւելք գտնուող մեր զինուորները թիրախ պիտի ըլլան»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլիըթ Էնկըլ յայտնեց. «Սիւլէյմանիի ահաբեկումը Քոնկրեսէն լիազօրուած չէր, ինչ որ իրաւական մեծ խնդիրներ կը ստեղծէ եւ Քոնկրեսի իրաւասութիւններուն ոտնահարում մըն է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն իր կարգին նշեց. «Թրամփ վառօդի տակառին վրայ տինամիթ նետեց»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս հեռանալու Իրաքէն: Փենթակոն իր կարգին առ ի զգուշութիւն համաձայն գտնուեցաւ շրջան յաւելեալ 3000 ամերիկացի զինուորներ ուղարկելու:

ԱՅԼ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա Սիւլէյմանիի սպանութիւնը կը նկատէ «արկածախնդրական քայլ մը, որ պիտի առաջնորդէ ամբողջ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումին»: Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց. «Պաղտատի մէջ ամերիկեան օդային հարուածները միլիոնաւոր մարդոց պիտի վնասեն»:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոսթանթին Քոսաչով հաւանական նկատեց, որ Իրան «կրնայ Սիւլէյմանիի ահաբեկումէն ետք արագացնել հիւլէական զէնքի արտադրութիւնը»: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սիւլէյմանին ահաբեկելով սպաննեցին իրանեան հիւլէական զէնքի հարցը լուծելու բոլոր յոյսերը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը պիտի առաջնորդէ անակնկալ մագլցումի եւ անհեռատեսութեան մասին վկայող արարք մըն է:

Չինաստան բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը «պիտի վատթարացնէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան չգոյութիւնը»: «Իրաքը տագնապի թատերաբեմի վերածելը պիտի վնասէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Միշտ կը կանգնինք շրջանին մէջ արտաքին միջամտութիւններուն, ահաբեկումներուն եւ յարանուանական տագնապներուն դէմ»:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց խուսափելու քայլերէ, որոնք Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը պիտի աճեցնեն` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք դիւանագիտական բոլոր կարելիութիւնները իրենց բոլոր ձեւերով օգտագործել շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան երաշխաւորման համար»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գլխաւորած է ապահովական ժողով մը` քննարկելու համար շրջանի մէջ վերջին զարգացումները:

Իրաքեան բանակը յայտարարեց. «Ժողովրդային աշխարհազօրի խորհուրդի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը երկրի գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում մըն է եւ ամերիկեան ուժերու` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առաքելութենէն շեղում մը»:

 

Նախորդը

Նետերլանտները Պաշտօնապէս Հրաժարեցան Հոլանտա Անունէն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 27-րդ Պարտութիւնը` Վուլվզէն

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?