Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէեւ Այս Տարի Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Շուրջ Բանակցութիւններուն Մէջ Յստակ Յառաջընթաց Չկայ, Սակայն Ատոնք Փակուղի Չեն Մտած» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հետ տարին ամփոփող հարցազրոյցի մը ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի նիւթին:

Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ թէեւ այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յստակ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ անոնք փակուղի մտած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Բազմաթիւ հանդիպումները եւ յստակ նախաձեռնութիւնները, որոնք յառաջ քշուած են այս տարուան ընթացքին, ցոյց կու տան բանակցային հոլովոյթը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ քանի տակաւին կարելիութիւն կայ խաղաղ ճամբով եւ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու տագնապը, մենք պիտի օգտագործենք այդ կարելիութիւնը: Ի հարկէ, ատոր նպատակը այն է, որ առարկայական բանակցութիւններու միջոցով յառաջ տանինք հոլովոյթը», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Մամետեարով նշած է նաեւ, որ Հայաստանի կողմէ բարձրացուող անվտանգութեան եւ կարգավիճակի մասին հարցերը պէտք է լուծուին լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան որոշումներուն համաձայն, ինչպէս նաեւ համաձայն ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն, որոնք վաղեմութեան ժամկէտ չունին: Արտաքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ հաւանական չի նկատեր քննարկել կարգավիճակի հարցը` առանց Ղարաբաղի ազրպէյճանական բնակչութեան վերադարձին:

Ան նաեւ նշած է, որ եթէ նոյնիսկ տագնապը կրկին բռնկի, բանակցութիւնները հետագային դարձեալ պիտի շարունակուին, որովհետեւ «ո՛չ յաւերժական պատերազմ կ՛ըլլայ, ո՛չ յաւերջական բանակցութիւններ»: Անոր համաձայն, իրենք բանակցութիւններ կը վարեն «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքները ազատելու համար»:

Մամետեարով նշած է նաեւ. «Հայաստանի յարձակողական քաղաքականութեան պատճառով» երկու երկիրներուն միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ, այդ իսկ պատճառով բանակցութիւնները կը վարուին միջնորդ երկիրներու միջոցով:

Պաքու Չ՛ուզեր ԵՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ընտրութիւն Կատարել

Մամետեարով նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճան ցանկութիւն չունի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու:

«Ազրպէյճան չի մտածեր ընտրել «կամ-կամ» սկզբունքով: Մեր արտաքին քաղաքական բոլոր որոշումները թելադրուած են նախ եւ առաջ մեր երկրի զարգացման շահերով: Եւ ամէն փորձ` կանգնեցնելու այս կամ այն ընտրութեան առջեւ, դատապարտուած է ձախողման, ինչ որ ցոյց տուած է նորագոյն պատմութիւնը, ներառեալ վերջին տասնամեակի փորձառութիւնը: Այս իրողութիւնը կը հասկնան նոյնիսկ այն ուժերը, որոնք նմանատիպ փորձեր կատարած են», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Մամետեարով նաեւ նշած է. «Ազրպէյճան արդէն ծանրակշիռ արդիւնքներու հասած է թէ՛ դրացի երկիրներու, թէ՛ մեծ աշխարհաքաղաքական գործընկերներու հետ իր փոխշահաւէտ, իրաւահաւասար համագործակցութեան շնորհիւ», եւ ընդլայնելով այդ համագործակցութիւնը` իրենք կրնան հասնիլ շատ աւելի լաւ արդիւնքներու:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Հրայր Թովմասեանի Հարցով Սահմանադրական Դատարանի Անդամներու Դիմումը

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?