Երէկ գերիներու փոխանակում տեղի ունեցած է Քիեւի եւ Տոնպասի միջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ փոխանակման հոլովոյթը անցած է առանց միջադէպերու:
Տոնեցքի ինքնահռչակ ազգային հանրապետութենէն յայտնած են, որ ուքրանական կողմը կը հետեւի անվտանգութեան երաշխիքներու պահպանման, կրակոցներ կամ համաձայնութիւններու այլ խախտումներ չեն արձանագրուած:
Երկու կողմերուն մօտ պահուող անձերու փոխանակումը տեղի ունեցած է Տոնեցքի Կորլովքա քաղաքին մէջ: Կը նշուի, թէ ասիկա վերջին երկու տարուան ընթացքին փոխանակման առաջին դէպքն է:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի գրասենեակը տեղեկացուցած է Տոնպասէն ուքրանացիներու 25 հոգինոց առաջին խումբի ազատ արձակման մասին: