Փարիզի մէջ ցուցարարները դարձեալ բողոքի ցոյց կատարած են Ֆրանսայի կառավարութեան ծրագրած կենսաթոշակային բարեփոխման դէմ, որուն պատճառով ոստիկանութեան հետ բախումներ տեղի ունեցած են:
«Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ոստիկանները արցունքաբեր կազ կիրարկած են ցուցարարները ցրուելու համար: Ցուցարարները փորձած են պատնէշներ կառուցել եւ զանոնք հրկիզել:
Ցուցարարներուն համաձայն, իրենք պատրաստ են ճնշում գործադրելու, մինչեւ որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրաժարի բարեփոխման միտքէն:
Ըստ բարեփոխման, երկրին մէջ կենսաթոշակային տարիքը 62-էն կը բարձրացուի 64-ի, եւ կը վերցուին բազմաթիւ կենսաթոշակային յատուկ դրութիւններ: