Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի առաջարկած է Ռուսիոյ մէջ փոխնախագահի պաշտօն ստեղծել:
Անոր կարծիքով` այդպիսի միջոցով կարելի պիտի ըլլալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բեռը թեթեւցնել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Այսօր երկրի ղեկավարի ուսերուն պատասխանատուութեան մեծ բեռ դրուած է, թէեւ կառավարման գործառոյթները կրնան բաժնուիլ նախագահին, անոր տեղակալին եւ վարչապետին միջեւ», ըսած է Ժիրինովսքի:
Ան նախապէս առաջարկած էր Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը վեց տարիէն հինգի կրճատել: