ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Իրաքահայոց Ազգ. Իշխանութեան
նախկին փոխատենապետ
Հաստատ իրականութիւն է, որ հայը միշտ կառչած է իր հաւատքին, իր մշակոյթին, իր աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, ուր որ ոտք դրած է պարտադրական գաղթէ կամ տեղահանութենէ ետք, առաջին հերթին հիմնած է իր պաշտամունքի վայրը, ապա եւ շուտով ուսումնարանը` համայն արտաշխարհի մէջ, հետեւաբար տարբեր պիտի չըլլար իրաքահայոց պարագան:
Նկատի առնելով գաղութի մօտ 400 տարուան անցեալը, իրենց զաւակներուն հայոց լեզուի պահպանութեան եւ հայ մանուկներուն հայերէն դասաւանդութեան համար նախաձեռնարկուած ծրագիրներն ու աշխատանքները, ստորեւ կը ներկայացնենք վիճակը` երկրի քաղաքամայր Պաղտատէն սկսեալ:
Պատմականօրէն իրաքահայ գաղութին հիմը դրուած է օսմանեան սուլթան Մուրատ Դ.-ի Պաղտատը գրաւելէն` 1638-էն ետք, երբ հայերուն կ՛արտօնուի գալ եւ հաստատուիլ Միջագետք: Հետեւաբար երկիրը ընդգրկեց զանազան վայրերէ եկող հայորդիներ` Թուրքիայէն, Ռուսիայէն եւ Պարսկաստանէն: Այս շրջանին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (որ առաջին եկեղեցին է երկրին մէջ) կառուցումէն ետք Մէյտան կոչուած թաղամասի մէջ ծխատէր քահանաները հայերէնով կը դաստիարակեն եկեղեցւոյ կից խուցի մը մէջ հաւաքուած նորահաս մանչերը` դասագիրք ունենալով Դաւիթի Սաղմոսն ու Աւետարանը, անոնք կը սորվեցնեն նաեւ տարրական թուաբանութիւն, որովհետեւ ուսման տեսակէտով մասամբ թերի էին, թէեւ` աւելի երկիւղած: Իսկ աղջիկներու համար վայրը մատչելի չըլլալով` անոնց դաս կը տրուէր տուներուն մէջ:
Մինչեւ 1840 իրաքահայոց թեմը կապուած էր Նոր Ջուղայի եւ մասնաւորապէս Ս. Ամենափրկիչ վանքին` Պարսկաստան, որմէ ետք Պոլսոյ պատրիարքութեան կցուելէն ետք նշանակուած առաջին առաջնորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Պաղտատի հարաւային Շորճա կոչուած թաղամասին մէջ, ուր սկսած էր ժողովուրդը հաստատուիլ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիի կառուցման զուգընթաց, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կը հիմնէ նաեւ վարժարան մը` չորս դասարաններով, նորահաս տղայոց համար, 1849-ին, որուն համար բերել կու տայ Փրկիչեան որբանոցը ուսում առած սղերդցի Իսրայէլ Պօղոսեան-Խաչատուրեանը, որ կը պաշտօնավարէ երեք տարի:
Սակայն ազգապահպանման նշանաբանին նախանձախնդիր ծնողներ, կրթական մակարդակը բաւարար չհամարելով, իրենց զաւակներուն աւելի լաւ կրթութիւն տալու նպատակով ու իրենց ծախսով երկու զարգացած երիտասարդներ` Պաղտասար Դաւիթեան եւ Մանուէլ Տիլանեան, կը ղրկեն Էջմիածին` Գէորգեան ճեմարան ուսանելու: 1852-ին ասոնց վերադառնալուն կը բացուի առաջին ազգային վարժարանը` Ս. Թարգմանչաց վարժարան անունով:
1871-ին պատահեցաւ, որ պարսից արքայից արքայ Նասրէտտին շահը Իրաք ուխտի կու գայ Քերպելա-Նաժաֆ իսլամական սրբավայրերը այցելելու. ան կ՛այցելէ նաեւ հայոց առաջնորդարանը, ուր հայ աշակերտներ համազգեստ հագած, եկեղեցւոյ բակը ընտիր տողանց մը կազմած` կ՛երգեն նորին վեհափառութեան եւ բարի գալուստ կը մաղթեն. շահը խիստ գոհ կը մնայ եւ առ ի գնահատութիւն` ընծաներ կը բաժնէ աշակերտութեան:
1875-ական թուականներուն միջավայրը աւելի զարգացած ըլլալով եւ եւրոպական լեզու մը գիտնալը անհրաժեշտ դարձած, հայ պատանիները օտար դպրոցներ յաճախելէ ազատելու համար, օրուան ազգային իշխանութիւնը առաջնորդին միջոցով կը դիմէ Պոլսոյ պատրիարքին` խնդրելով կարող եւ լեզուագէտ ուսուցիչի մը առաքումը: Առ այդ, պատրիարքարանը, ընդառաջելով խնդրանքին, Պոլսոյ Նուպար Շահնազարեան վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ նախապէս Հաճընի մէջ քանի մը տարի պաշտօնավարած Միհրան Հրաչեայ Սվաճեանը յատուկ հրամանագրով մը Պաղտատ կը ղրկէ: Սվաճեան մտաւոր լայն պաշարի տէր, գրաբարի, աշխարհաբարի, ֆրանսերէնի, օսմաներէնի եւ աշխարհագրութեան հմուտ անձ մըն էր:

Տեղ հասնելով 1876-ին` Սվաճեան մեծ թափով կը սկսի դաստիարակել հայ աշակերտները, եւ Ս. Թարգմանչաց վարժարանը իր օրով կը հասնի յառաջդիմութեան ամենաբարձր աստիճանի ու կը գրաւէ առաջին տեղը Պաղտատի բոլոր համաստիճան վարժարաններուն մէջ: Վարժարանի ուսման մակարդակը բարձր դասուելով` օտարազգի պատանիներ ալ կը սկսին մեր դպրոցը յաճախել` իր լեզուագիտութենէն օգտուելու համար: Միաժամանակ, դպրոցին կից, Սվաճեան հիմը կը դնէ մարզարանի մը` զարկ տալու աշակերտութեան ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ գրադարանի` երիտասարդութեան ընթերցասիրութեան համար, որ կը կոչուէր Ասքանազեան ընկերութիւն:

Այս բոլորը` մանչերու համար, որովհետեւ տեղական աննպաստ պայմաններու բերումով հայ աղջիկները ստիպուած էին մնալ տուն եւ այցելու ուսուցիչէ սորվիլ մայրենի լեզուն, որ անգործնական ուսումնառութիւն գտնելով` Սվաճեանի խորհուրդով առաջնորդարանի սենեակներէն մէկը 1901-ին կը յատկացուի աղջկանց դասաւանդութեանց, սակայն նեղ գալով` հարկ կը տեսնուի յատուկ վարժարանի կառուցման: Այդ նպատակով ազգային բարերար Յովհաննէս Իսքենտերեան նոյն տարին իր տուներէն մէկը կը նուիրէ ազգին, որպէսզի գործածուի իբրեւ աղջկանց վարժարան, զայն կոչելով իր վաղամեռ աղջկան անունով` Զապէլեան աղջկանց վարժարան: Աւելի ուշ` 1913-ին ալ կը բացուի մանկապարտէզի բաժին մը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ ազգի ցեղասպանութեան օսմանեան ճիւաղային ծրագրի գործադրութեան զոհ կը դառնայ նաեւ Միհրան Սվաճեան` իր պաշտօնավայրէն Տէր Զօր աքսորուելով, 1915-ին: 1917-ին, քաղաքամայրը գրաւուելէն ետք անգլիացիներուն կողմէ, Ս. Թարգմանչաց եւ Զապէլեան վարժարանները կը միացուին ու կը կոչուին Ս. Թարգմանչաց երկսեռ վարժարան:

1918-ին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայորդիներ Իրաքի մէջ ապաստան կը գտնեն Իրանի սահմանամերձ` Պաքուպա եւ Սուրիոյ սահմանամերձ Սինճար եւ Մուսուլ: Իրաքը թուրքերէն ազատագրած անգլիական բանակը կը պատսպարէ ժամանակ մը բոլոր տարագրեալները` մէկտեղելով Պաքուպայի, ապա Նահր Օմարի գաղթակայաններու մէջ, ինչպէս նաեւ տեղացի համայնքի կողմէ Պոլսէն Մուսուլ աքսորեալ հայոց պատրիարք Զաւէն արք. Եղիայեանի օժանդակութեամբ յետպատերազմեան որբահաւաքին կը հիմնուին որբանոցներ` Ազգային առաջնորդարանի կողմէ. որբերուն թիւը կը հասնի 2500-ի: Պաքուպայի մէջ վրաններու տակ գաղթական ուսուցիչներ կը զբաղին նորահասները դաստիարակելով գաղթակայանին մէջ: Այդ պատճառով Մուսուլի 1918-ի որբանոցի 400-ի մօտ որբերը տարի մը յետոյ կը փոխադրուին Պաքուպայի, ապա` Նահր Օմարի որբանոցը:
Պէյրութի Համազգային ճեմարանի շրջանաւարտ, Խրիմեանի սան, հանգուցեալ ուսուցիչ Պաղտասար Յարութիւնեանի իրաքահայոց առաջնորդարանի «Կանթեղ» պարբերականի մէջ յետմահու հրատարակուած որբանոցի իր յուշերուն մէջ կը կարդանք որբանոցի թուղթի եւ մատիտի խնայողութեան մասին… «Հոգ կ՛ընէինք այնպէս զգուշութեամբ գործածել մատիտը, որ ծայրը չկոտրի` նոր ծայր հանելու ստիպուինք, այնպէս զգուշութեամբ ծայր հանենք, որ չկոտրուի, որ ծայրը շատ չբարակի: Մատիտը, երբ մատի մը չափ մնար եւ կարելի չըլլար լաւ բռնել եւ գրել, անոր թուղթէ պոչ մը կը փաթթէինք, որ կարելի ըլլար լաւ բռնել եւ գրել»:
Յիշատակութեան արժանի է հաստատել, որ 1921-ին, ՀԲԸ Միութեան նիւթական օժանդակութեամբ այս որբերէն 1000 մանուկ փոխադրուեցաւ Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս: Աւելի՛ն. անոնցմէ որոշ թիւ մը` Կիպրոսի նորաբաց Մելգոնեան վարժարան: Ապագային արդէն ուսեալ երիտասարդներ` անոնք վերադարձան Իրաք` իրենց հարազատներուն մօտ որպէս հոգեւոր հայրեր, ուսուցիչներ եւ որակաւոր արհեստաւորներ ու ստանձնեցին ազգային զանազան պարտականութիւններ գաղութին մէջ:
Պատերազմի աւարտին, երբ Իրաք կը դառնար ինքնիշխան թագաւորութիւն, եւ Նահր Օմար գաղթավայրը կը փակուէր անգլիացի հովանաւորողներու կողմէ, հայրենիքէն տեղահան ժողովուրդը իր ապրուստը ապահովելու համար Իրաքի զանազան շրջաններ ցրուելով, Պաղտատի մէջ` Կէյլանի քեմփ հաստատուած տարագիր հայորդիները իրենց ապրուստի միջոցները ապահովելով եւ չմոռնալով կառչած մնալ մայրենի լեզուին ու ազգային աւանդութիւններուն` կը ծրագրեն համեստ դպրոց մը բանալ 1921-ին, նոյն քեմփի մէջ, որ կառավարելու համար 1932-ին կը յանձնուի Ազգային իշխանութեան, վարժարանն ալ կը տեղափոխուի համայնքի գերեզմանատան շրջափակէն ներս կառուցուած ազգապատկան հողաշէն շէնքի մը մէջ ու կը կոչուի նահատակ տեսուչ Սվաճեանի անունով: Դպրոցը կը հովանաւորուի, առաջնորդարանի կարգադրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի կողմէ, տասը տարի, 1936-էն սկսեալ:
Իսկ Թարգմանչաց երկսեռ նախակրթարանը` Շորճայի մէջ եւ Սվաճեան դպրոցը` ազգային իշխանութեան ներքոյ, 1949-ին կը միացուին գերեզմանատան շրջափակի շէնքի մէջ նոր եւ յաւելեալ դասարաններ կառուցուելէ ետք, Թարգմանչաց եւ Սվաճեան միացեալ վարժարան անունով: Յետայդու, տարուէ տարի աշակերտներու թիւը շատնալով` դպրոցը զուգընթաց դասարաններ կ՛ունենայ եւ 1954-ին ալ կը դառնայ լրիւ երկրորդական: 1962-ին հինին կից երեք յարկանի շէնք մը կը կառուցուի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու համար, իսկ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան ծախսով ալ` ընդարձակ սրահ մը:
(Շար. 1)