Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ո՞վ Է Զբաղողը Սփիւռքի Հարցերով

December 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Աւելի քան երկու ամիսներէ ի վեր լիբանանահայութիւնը ճգնաժամի մէջ է: Հազարաւոր ընտանիքներ տնտեսական ահաւոր կացութեան մէջ կը գտնուին: Կրօնական ղեկավարութեան նախաձեռնութիւնները, լիբանանեան քաղաքական, բարեսիրական թէ ընկերային կազմակերպութիւններու ճիգերը, ըստ երեւոյթին, եթէ երկար ժամանակի վրայ պիտի տեւէ տագնապի ուժգնութիւնը օրէ օր, ժամէ ժամ առաւել եւս պիտի սկսինք զգալ:

Ճիշդ է, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: Ճիշդ է որ սիւննի համայնքը Սէուտական Արաբիոյ  նեցուկը կը վայելէ, շիի համայնքը` Իրանի, մարոնիները` Ֆրանսայի, ալաուիները Սուրիոյ, ծայրայեղ սիւննիները` Թուրքիոյ, իսկ մենք, բնականաբար, Հայաստանի պետութեան նեցուկը պէտք է վայելենք: Բայց եւ այնպէս այդ մէկը ոչ թէ չենք զգար, այլ չկայ: Չկար անցեալին ալ, չկայ այսօր ալ, եւ ճիշդ չէ, որ այսպէս մնայ:

Անցնող տասնամեակներուն Սուրիոյ, Իրաքի եւ այսօր Լիբանանի գաղութները ֆիզիքական, տնտեսական, բարոյական եւ քաղաքական անտիրութեան մէջ են:

Պէտք է Հայաստանի պետութիւնը ունենայ մշակուած երկարաժամկէտ ծրագիր մը:

Սփիւռքը փաստօրէն միայն նիւթական նեցուկի համար կ՛օգտագործուի: Համաձայն ենք, որ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մասին շատ ըսելիք եւ ընելիք չունենանք: Հակառակ անոր որ կրնանք ունենալ: Բայց ո՞ւր է սփիւռքի հարցերու յանձնակատարը: Ինչո՞ւ ձայնը չկայ: Ի՞նչ կ՛ընէ: Ինչպէ՞ս է իր գործի սահմանումը: Այսպիսի պարագաներու լուռ կենալու որոշում կա՞յ, թէ՞ նախասիրութեան հարց է: Ո՞վ է այսօրուան Հայաստանի իշխանութեան սփիւռքի հարցերով զբաղողը: Զօրակցական հեռաձայնի, քանի մը հազարի օժանդակութեան մասին չէ խօսքը: Ինչո՞ւ այսքան բացասական կեցուածք:

Հինի նորի հարց չէ: Համոզումի եւ յանձնառութեան հարց է: Վարչապետ, Ազգային ժողով, նախագահ կամ սփիւռքի հարցերու յանձնակատար: Հայաստանի մամուլ, Հայաստանի պատկերասփիւռի կայան… Օրական Ամերիկայէն, Եւրոպայէն թղթակցութիւններ կը դիտենք: Ո՞ւր է լիբանանահայութեան օրակարգը: Ո՞ւր է լուրջ նախաձեռնութիւն մը: Ո՞ւր է բոլոր մակարդակներու վրայ ժողովրդային եւ ղեկավարի մակարդակով ոգեղէն կապի ամրացումը:

Գիտէ՞ք, որ մարդկային ընդունուած վիճակ է, որ եթէ քու հարազատներդ քու նեղ օրերուդ քու մասիդ չի հարցնեն, լաւ օրերուդ այլեւս այդ հարազատներուն հետ կապդ կը կտրես:

Վտանգաւոր հոգեբարոյական վիճակի մէջ է լիբանանահայութիւնը: Վտանգին չափը եւ ահաւորութիւնը յետոյ պիտի զգաք, եւ ուշ պիտի ըլլայ:

 

Նախորդը

Իրաքահայոց Կրթօճախները

Յաջորդը

Անտեսուած Մտահոգութիւն

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.