
Եուվենթուսի յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Քաթարի մէջ: 33 տարեկան խրուաթ ֆութպոլիստը 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Տուհալ ակումբին հետ:
Մանծուքիչ, որ 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Եուվենթուսին, 162 մրցումի ընթացքին նշանակած է 44 կոլ: