Գերմանական Իւնիըն Պերլին ֆութպոլի ակումբին համակիրները իւրաքանչիւր տարի կը շարունակեն գործադրել իրենց բացառիկ աւանդութիւնը:
Ս. Ծննդեան տօնէն առաջ, անոնք կը հաւաքուին իրենց ակումբին մարզադաշտը եւ իրենց ձեռքին մոմեր բռնած կ՛երգեն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր:
Այս տարի ակումբին մարզադաշտը հաւաքուած են 28 հազար համակիրներ: