Ինչպէս ծանօթ է, Ա. Էս. Ռոմայէն իր կրած պարտութենէն ետք (4-1), Ֆիորենթինա պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` իտալացի Վինչենցօ Մոնթելան:
Նախանցեալ օր ակումբը յայտարարեց, որ անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ 55 տարեկան իտալացի մասնագէտ Ճիուզեփփէ Իաքինի:
Պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները չհրապարակուեցան, բայց ակումբը իր նոր մարզիչը պիտի ներկայացնէ 28 դեկտեմբերին:
Ճիուզեփփէ 1989-էն 1994 իբրեւ ֆութպոլիստ Ֆիորենթինայի հետ կատարած է 127 մրցում:
Իսկ իբրեւ մարզիչ ան գլխաւորած է Սամտորիան, Փալերմոն, Սասուոլոն, Ուտինեզէն եւ Էմփոլին:
«Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանէն ետք, Ֆիորենթինա 17 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: