Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտ Մերժած Է Զարաքոլուն Արտայանձնելու Թուրքիոյ Դիմումը

Դեկտեմբեր 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան 2018 հոկտեմբերին «Միջազգայնօրէն յանցագործ ճանչցուածներու արտայանձնումի համաձայնագիր»-ի ծիրին մէջ Շուէտէն պահանջած էր արտայանձնել թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըփ Զարաքոլուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Էւրենսել» կայքը:

Շուէտի բարձրագոյն դատարանը 18 դեկտեմբերին հրապարակեց իր որոշումը, ըստ որուն մերժուեցաւ Թուրքիոյ պահանջը: Որոշումը տակաւին պէտք է արժանանայ շուէտական կառավարութեան հաւանութեան:

Զարաքոլուն ձերբակալուած էր 2011-ին` 2009-ին կատարած յայտարարութիւններուն համար: Ազատ արձակուած էր 2012 թուականին: 2016-ին, Զարաքոլուի եւ «Էօզկիւր Կիւնտեմ» օրաթերթի այլ աշխատակիցներու բնակարանները խուզարկուած էին: 2017-ին Պոլսոյ Ծանր յանցագործութիւններու 13-րդ դատարանը գրողը ձերբակալելու որոշում տուած էր, սակայն Զարաքոլուն այդ ժամանակ արդէն կը գտնուէր Շուէտ:

Սեպտեմբեր 2019-ին շուէտական դատախազութիւնը անընդունելի նկատեց Զարաքոլուի արտայանձնումի պահանջը:

Ընդդիմադիր հայեացքներով յայտնի Զարաքոլուն բազմիցս հալածուած է իր դիրքորոշումներուն համար: Ան հայերով եւ յոյներով բնակուած թաղամասի մէջ մեծնալով` հանդէս եկած է փոքրամասնութիւններու շահերուն ի նպաստ: Ստեղծած է «Պիլկէ» հրատարակչատունը, ուր լոյս տեսած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր: Ճիշդ այդ փաստին հիման վրայ ալ 2008 թուականին Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը վիրաւորելու համար» մեղաւոր ճանչցուած է:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Մաղթեց, Որ Նոր Կառավարութիւնը Ըլլայ Լիբանանցիներուն Նոր Տարուան Նուէրը

Յաջորդը

Մահչուփեան Մաս Կը Կազմէ Տաւութօղլուի Կուսակցութեան Ղեկավար Կազմին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?