
Թուրք յայտնի հրապարակախօս եւ վերլուծաբան Մեհմեթ Ալի Պիրանտ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ ներկայացնելով Թուրքիոյ յառաջիկայ քաղաքական հոլովոյթներուն վերաբերեալ իր նախատեսութիւնները կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Կիպրոսի հարցերը 2012-ին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ գերակշիռ պիտի ըլլան:
«Հայերը այդ հարցին առնչութեամբ բաւական յաջող յառաջ կ՛ընթանան: Ֆրանսայի ծերակոյտը պիտի հետեւի խորհրդարանի քայլերուն եւ որդեգրէ(Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող) օրինագիծը», կ՛ըսէ Պիրանտ եւ կ՛աւելցնէ.«Մինչեւ 2015 այդ հարցը այլ երկիրներու մէջ եւս աջակցութիւն պիտի ստանայ»:
Անդրադառնալով կիպրական հարցին` թուրք հրապարակախօսը կը նշէ, որ ո՛չ թուրքերը, ո՛չ ալ կիպրացի յոյները պատրաստ են համարձակ քայլերու ձեռնարկելու` հարցին հանգուցալուծման հասնելու համար:
Ան կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ շրջանին մէջ «վերադիրքաւորուելու» եւ ամենայն հաւանականութեամբ հանդէս պիտի գայ ոչ միայն օրինակելիի, կամ ղեկավարի դերին մէջ, այլեւ` «սեփական փորձառութեամբ կիսուող ընկերոջ» կարգավիճակին մէջ:


