Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը շարունակեն քննարկել գերիներու փոխանակման հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Այս խնդիրը մշտապէս կը գտնուի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ եւ անիկա առանձին քննարկուած է արդէն ապրիլ ամիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն հանդիպման ժամանակ», յայտարարած է Զախարովա:
Յիշեցնենք, որ Արցախ գտնուող ազրպէյճանցի հետախոյզ զինուորներ Տիլհամ Ասկերովն ու Շահպազ Կուլիեւը, որոնք ապօրինաբար Արցախի պետական սահմանը կտրելու, ապօրինի կերպով զէնք եւ զինամթերք կրելու, բացայայտ կերպով մարդ առեւանգելու եւ սպանութեան համար դատապարտուած էին համապատասխանաբար ցկեանս եւ 22 տարուան բանտարկութեան:
Անոնք 4 յուլիս 2014-ին առեւանգած էին Արցախի անչափահաս քաղաքացի Սմբատ Ցականեանը, որուն մարմինը հրազէնային վնասուածքներով յայտնաբերուած էր 15 յուլիսին Քարվաճառ եւ Մանաշիդ համայնքներուն միջեւ գտնուող անտառային տարածքին մէջ:



