Ռուսիոյ Ազգային ժողովի խորհուրդի միջազգային գործերով կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Քոսաչով 18 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ դիտել տուաւ, որ որեւէ տագնապի մէջ իրավիճակի ապակայունացման պատճառ կրնայ ըլլալ ուժերու անհամաչափութիւնը: Ան այս հաստատումը կատարեց` խօսելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու` Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքին մասին:
Ըստ անոր, ո՛չ միայն Ղարաբաղի, այլ նաեւ որեւէ տագնապի պարագային կացութեան ապակայունացում կ՛արձանագրուի, երբ մէկ կողմին մօտ կը յառաջանայ իրական կարելիութիւն կամ խաբկանք, որ ան կրնայ յաղթանակ տանիլ ռազմական տագնապին մէջ: «Մեր խորին համոզումով, այս շրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութիւնը կը հանդիսանայ նիւթական երաշխիքներէն մէկը` այս տագնապը ոչ ռազմական վիճակի մէջ պահելու», ըսաւ ան:
Կոնսթանթին Քոսաչով աւելցուց, որ Ռուսիան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ կը համագործակցի տարբեր պայմաններու մէջ, սակայն Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքէ հրաժարիլը կրնայ պատճառ դառնալ անցանկալի հետեւանքներու: «Հայաստան կը հանդիսանայ Ռուսիոյ ե՛ւ գործընկերը, ե՛ւ դաշնակիցը, Ազրպէյճանի հետ այդպիսի յարաբերութիւններ չունինք, բայց այդպիսի համագործակցութենէ հրաժարիլը Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ պիտի բերէ երկու անցանկալի հետեւանքներու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարներուն համար: Այդ հաւանական հեռանկարներէն մէկը այն է, որ կրնան ծագիլ Ազրպէյճանին զէնքի այլ մատակարարներ, եւ այդ պարագային կրնայ սկսիլ զինուորական համակարգի հզօրութեան ցուցադրութիւն, որպէսզի անոնք պարզեն, թէ ո՛ր կողմը աւելի ուժեղ է, երկրորդն այն է, որ կրնան խաթարուիլ ռազմական կարելիութիւնները այն հաւասարակշռութեան, որ այսօր կայ», նշեց պատգամաւորը: