Լիբանանահայ, սակայն յորդանանեան հպատակութիւն ունեցող, ռելիներու վարորդ Մուսա Ճիյերեան, նախորդ շաբաթավերջին, երբ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցող ռելիի մը, ունեցաւ քիչ մը ծանր արկած մը` ինքնաշարժը վարող սէուտցի Ֆարես Շամրիի հետ:
Ան ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկը:
Երէկ` երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին, ան յաջող վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, յայտնեց յորդանանեան մարզական մամուլը: