Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. եւ անմահ պատարագին:
Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ Եւ Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան այցելեց նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
Քննարկուեցան հիմնադրամի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն հետ կապուած հարցեր:





