Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի Աշակերտները Յաջողութեամբ Ներկայացուցին «Տը Նաթքրաքըր»-ը` Տօնական Մթնոլորտ Սփռելով

December 14, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցի աշակերտները, որոնց միացան նաեւ նոյնանուն դպրոցէն եւ «Քնար» պարախումբէն անդամներ, երէկ` 13 դեկտեմբեր 2019-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Նեպիլ Քահհալէ» սրահին մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով եւ տօնական ուրոյն տրամադրութեամբ ներկայացուցին Չայքովսկիի աշխարհահռչակ «Տը նաթքրաքըր» պալէն` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեանի:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ բեմին վրայ փայլող մեծերն ու փոքրերը սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն պարգեւեցին տօնական մթնոլորտին մէջ ապրելու իւրայատուկ առիթ` իրենց պարերով, պարային-թատերական ներկայացումներով: Բացայայտ էր, որ տարուած էր բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանք, որուն արգասինքն էր այդպէս մեծաթիւ աշակերտները բեմ բարձրացնելն ու այդպէս հարուստ պարային պատկերներով հանդիսատեսներուն ներկայանալը:

«Տը նաթքրաքըր»-ի ներկայացումով Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները նոր ոստում մը կատարեցին, որովհետեւ արդէն իսկ շրջանցեցին պարային պարզ ներկայացումներով տարուան ընթացքին աշակերտներուն սորված պարերով հանդէս գալու սովորութիւնը եւ նոր էջ մը բացին` թատրոնը պարի, երաժշտութեան եւ բեմականացման ճամբով հրամցնելու:

Հետաքրքրական էր տակաւին այս ուղին նոր սկսած մանուկներուն ու պատանիներուն մէկտեղումը փորձառու պարողներու հետ, անոնց միջեւ ստեղծուած կապը, միասին ներկայացման ոգի ու շունչ տալու ճիգը, որ նկատելի էր բոլորին մօտ, մեծն ու փոքրը կը ձգտէին իրենց լաւագոյնը ընել, որպէսզի տարուած հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքին արգասիքը փայլուն ըլլար: Պէտք է ըսել, որ անոնք յաջողեցան, որովհետեւ կրցան լարուած պահել հանդիսատեսները, անոնց պարգեւել արուեստի ու տօնական իւրայատուկ պահեր, բեմին վրայ տիրող մանկութեան,  հեքիաթային եւ կախարդանքի աշխարհ փոխադրելով նաեւ բոլորը:

Այս ողջունելի եւ շնորհակալ աշխատանքը ըմբոշխնելու կարելիութիւն կայ նաեւ այսօր` 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նոյն վայրին մէջ:

 

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (15). Մանկապատանեկան Նիւթերով Գրելու Յատուկ Դասընթացք «Պզտիկ Մզտիկ»-ի Խմբագիրին Հետ

Յաջորդը

Տպաւորութիւն. «Կռունկ, Մեր Աշխարհէն Խապրիկ Մը Չունի՞ս…»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.