Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տունը եւ Պրիւքսելի քաղաքային խորհրդարանը վաւերացուցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Հոլանտային վերաբերող տեղեկութիւնը հաղորդեց Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան` նշելով, որ այս վաւերացումը կատարուած է առանց քննարկումի եւ քուէարկուած է միաձայնութեամբ:
Իսկ Պրիւքսելի վերաբերող լուրը տեղադրուած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի դիմատետրի էջին վրայ: