Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԻՐԻՆՈՎՍՔԻ. «ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԴԱՐ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԵՆ»

December 31, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նաւոյեան եւ Ժիրինովսքի

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Ռուսիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու համագործակցութեան ծիրին մէջ նախանցեալ օր Պետական տումային մէջ տեղի ունեցաւ գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեանի հանդիպումը Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի հետ:

Եուրի Նաւոյեան շնորհաւորեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղերու աւելնալուն, ինչպէս նաեւ Ժիրինովսքիի` Ռուսիոյ նախագահի թեկնածու առաջադրուելուն առիթով: Ընդգծուեցաւ, որ յարգանքի եւ բարձր գնահատականի արժանի է Ժիրինովսքիի մօտեցումը հայութեան համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ, մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդար փոխհատուցման խնդիրին մէջ:

Նաւոյեան վստահութիւն յայտնեց, որ հակառակ որոշակի դժուարութիւններուն, Ռուսիոյ քաղաքական համակարգը պիտի յաջողի 4 մարտին յաջողութեամբ կատարել նախագահական ընտրութիւնները եւ ապահովել Ռուսիոյ հետագայ կայուն զարգացումը: Ան ընդգծեց, որ հայերը կը հանդիսանան ռուսական հասարակութեան անքակտելի մասը, ուշադրութեամբ կը հետեւին կուսակցութիւններու ծրագիրներուն, քաղաքական բանավէճերուն եւ աշխուժօրէն կը մասնակցին Ռուսիոյ հասարակական-քաղաքական կեանքին:

Եուրի Նաւոյեան նաեւ ներկայացուց շրջանային այն մարտահրաւէրները, որոնք դրուած են Հայաստանի առջեւ, եւ ուշադրութեան հրաւիրեց Արցախի մէջ պետական շինարարութեան յաջողութեան վրայ` նշելով, որ պետականութեան ստեղծման աստիճանով Լեռնային Ղարաբաղը արժանի է միջազգային ճանաչման եւ անոր համար ունի իրաւական-քաղաքական անհրաժեշտ հիմքերը:

Համաձայնելով Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան տեսակէտին հետ` Ժիրինովսքի նշեց, որ այդ ճանաչումին ժամանակաւորապէս կը խանգարեն միայն միջազգային ներկայ շահերը: Ռուս փորձառու քաղաքական գործիչը յայտնեց, որ հայերը իրենց իրաւունքներուն համար արդար պայքար կը մղեն, ինքը արդարութեան կողմնակից է, իսկ արդարութիւնը հայերուն կողմն է:

Ըստ Ժիրինովսքիի, Ռուսիա, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ աստիճանաբար կը ճանչնան հայերու իրաւունքները իրենց պատմական հայրենիքին նկատմամբ եւ Թուրքիա պէտք է հաշուի նստի այս իրողութեան հետ:

Անդրադառնալով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն` Ժիրինովսքի ընդգծեց Հայաստանի ապահովութեան հարցին մէջ Ռուսիոյ նշանակութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն դարձուց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ Ռուսիոյ հետագայ դիրքերու ամրապնդման: Ժիրինովսքի գնահատեց Ռուսիոյ զարգացման գործին մէջ հայերու դերակատարութիւնը` կարեւոր նկատելով նաեւ Ռուսիոյ ընտրութիւններուն մէջ հայերուն աշխուժ դիրքորոշման նշանակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Պետական տումայի Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան խմբակցութեան հետագայ համագործակցութեան հարցերը: Նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ապրիլ ամսուն Ժիրինովսքիի Հայաստան այցելութեան կազմակերպման վերաբերեալ:

Առիթէն օգտուելով` Ժիրինովսքի շնորհաւորեց ամբողջ հայ ժողովուրդը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով, մաղթեց հետագայ յառաջընթաց եւ ազգային բոլոր ծրագիրներու իրականացում:

Նախորդը

«ԵԹԷ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՍ ՉՀԱՍՏԱՏԷ, ՄԻՆՉԵՒ 3 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՊԻՏԻ ԼՔԵՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ

Յաջորդը

ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՌԱԲԼՈՒՐ ՊԱՆԹԷՈՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.