Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբերին, Պոլսոյ հայ համայնքը ընտրած է պատուիրակներ, որոնք 11 դեկտեմբերին պիտի ընտրեն Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքը:
Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ, որոնք կը ծառայէին իբրեւ ընտրատեղամասեր, կատարուած է ձայներու հաշուարկ, հրապարակուած են նախնական արդիւնքները:
Ըստ հրապարակուած տուեալներուն, ընտրուած է Արամ արք. Աթեշեանին աջակցող 12 պատուիրակ, իսկ Սահակ եպս. Մաշալեանին աջակցող 47 պատուիրակ:
Սահակ եպս. Մաշալեան ելոյթ ունեցած է Կետիկփաշայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած համայնքին: