Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կուաթեմալայի Քոնկրեսի Առաջին Փոխնախագահը Այցելեց Արցախի Խորհրդարան

December 9, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 7 դեկտեմբերին ընդունած է Կուաթեմալայի Հանրապետութեան Քոնկրեսի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ֆիլիփէ Ալեխոս Լորենզանան եւ Քոնկրեսի երեսփոխան, նախագահութեան քարտուղար Խուան Ռամոն Լաուը, որոնք Ստեփանակերտ եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սօս Աւետիսեանի ուղեկցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը:

Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ Կուաթեմալայի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան Արցախ այցելութիւնը բարեկամութեան նոր հեռանկարներ կը բանայ` Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներու հետ միջխորհրդարանական կապեր հաստատելու համար: Աշոտ Ղուլեան հիւրերուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Արցախի պետականաշինութեան, խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած բարեկամական խումբերուն եւ շրջանակներուն մասին:

Քոնկրեսի առաջին փոխնախագահ Ֆիլիփէ Ալեխոս Լորենզանան, խօսելով այցելութեան մասին, նշած է, որ մեծ պատիւ կը նկատէ Արցախի մէջ գտնուիլը եւ կարեւոր կը նկատէ երկխօսութեան միջոցով երկրի մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններու հաւաքագրումը: Խօսելով ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին մասին` Ֆիլիփէ Լորենզանան շեշտած է, որ կողմ է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին եւ տագնապի բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ խնդիրի բանակցային ճամբով լուծման: Ան Արցախի խորհրդարանի ղեկավարին նաեւ հաղորդած է իրենց այցելութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին հետ սկիզբ առած գործնական յարաբերութիւններու` մասնաւորաբար, օրերս երկու խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման մասին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Քոնկրեսի երեսփոխան եւ նախագահութեան քարտուղար Խուան Ռամոն Լաու կարեւոր նկատած է Լատին Ամերիկայի մէջ Արցախի շրջանին վերաբերեալ անաչառ տեղեկատուութեան տարածումը եւ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացումը:

Քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին, բանակցային հոլովոյթին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական գործունէութեան վերաբերող նիւթեր:

Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան:

 

Նախորդը

Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Եւս Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Յաջորդը

Պոլսոյ 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Պատուիրակներու Ճշդման Նախնական Արդիւնքներ

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.