Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի

December 9, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, 5-7 դեկտեմբեր 2019-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 27 միութիւններու մասնակցութեամբ գումարուած եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր քննել եւ հաստատել երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու վերամշակուած հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները:

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ քննարկեց Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի երիտասարդութեան առնչուած հարցերը եւ կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով: ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները յանձնառու են հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան կերտման գործին:

Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները շեշտը պիտի դնեն ընկերվարական բնոյթի ծրագիրներուն, ընկերային արդարութեան, բնապահպանական եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի հարցերու վրայ:

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ, ժողովը հաստատեց, որ այս նպատակներու հետապնդումը ներկայ հակադաշնակցական պայքարի պայմաններուն մէջ առաւել լարումով կ՛ընթանայ: Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ  Հայաստանի երիտասարդական միութեան երկրի քաղաքական դաշտին վրայ իրականացուցած աշխատանքները` լաւագոյն ապացոյցներն են այս ուղղութեամբ:

Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ հայութեան իտէալներու իրականացման նախապայմանն է: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ այդ պայքարի յառաջընթացի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Թրքական պետութեան կողմէ մեր արդար իրաւունքներու հատուցման հարցը պիտի շարունակէ իշխող մնալ հայ երիտասարդութեան օրակարգին վրայ: Պիտի մղենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի Արեւմտահայաստանը ո՛չ միայն մեր պատմական հայրենիքը նկատէ, այլեւ գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր վերաբերմունքի պիտի արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին:

ՀՅԴ երիտասարդական միաւորները յանձնառու են հայակերտման միտուած ճիգերով` նպաստելու սփիւռքի համայնքներու հզօրացման: Երիտասարդութեան կողմէ ի գործ պիտի դրուին ջանքեր, որպէսզի սփիւռքի վերակենսաւորման օրակարգը դառնայ տիրական: Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Միջին Արեւելքի հայ երիտասարդութիւնը, որ շրջանի դժնդակ պայմաններուն բերումով կը դիմագրաւէ մեծածաւալ մարտահրաւէրներ:

Ջաւախքի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար պարտինք սատարել ջաւախահայութեան անհատական ու հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` օժանդակենք, որպէսզի ջաւախահայութեան ընդհանրապէս եւ անոր երիտասարդութեան մասնաւորապէս ծաւալած աշխատանքները նոր թափ ստանան:

Հիմնուելով նախադրեալ ռազմավարական ուղղութիւններուն վրայ` խորհրդաժողովը նաեւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական, «Դէպի Երկիր», ուսանողական, արտաքին յարաբերական եւ քարոզչական ոլորտներու վերաբերող ծրագիրներուն:

Խորհրդաժողովը հաստատեց հետեւեալ կէտերը.

ա.- Շեշտը դնել գաղափարական, քաղաքականացած, կարգապահ եւ քննական միտք ունեցող երիտասարդութիւն պատրաստելու վրայ: Ժողովը յայտնեց իր ընդվզումը ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան կարգ մը նախկին անդամներու անկարգապահ եւ կասկածելի ընթացքին համար, որ խոտոր կը համեմատի մեր ամրապինդ կառոյցի գաղափարական հիմքերուն հետ:

բ.- Ստեղծել յաւելեալ առիթներ, որպէսզի ՀՅԴ երիտասարդութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Արեւմտահայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ զանազան տեսակի աշխատանքներ, ուխտագնացութիւններ, գործուղումներ, համախմբումներ եւ վարժողական ծրագիրներ իրականացնէ:

գ.- Վերահաստատել ՀՅԴ ուսանողական միութիւններուն համալսարանական շրջանակներու մէջ ՀՅԴ քաղաքական նպատակները ներկայացնողի եւ կուսակցութեան համար մտաւոր ներհոսք ապահովողի կարեւոր դերերը` քաջ գիտակցելով, որ յառաջադէմ ուսանողութեան համախմբողի առաքելութիւնը ազգային նպատակներու իրականացումին մէջ էական բաժին ունի:

դ.- Պատրաստել քաղաքական-յարաբերական գործի ատակ մարդուժ եւ կազմաւորել միջազգային ու տեղական քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու մէջ հմտութիւն ունեցող երիտասարդներ: Բարձրացնել նաեւ համաշխարհային երիտասարդական հարթակներու վրայ Հայ դատի եւ միջազգային այժմէական հիմնախնդիրներ (մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխում, ընկերային անհաւասարութիւն, կիներու նկատմամբ անիրաւութիւն, կենսոլորտի ապականում, բնական հարստութիւններու անհաւասար բաշխում, աղքատութեան դէմ պայքար):

ե.- Ճիշդ օգտագործել զանգուածային լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը` իբրեւ կարեւոր միջոց ՀՅԴ երիտասարդականի եւ ուսանողականի նպատակներն ու գործունէութիւնը երիտասարդութեան ներկայացնելու համար: ՀՅԴ երիտասարդականն ու ուսանողականը ամէն ջանք պէտք է գործադրեն կուսակցութեան որոշումներուն համահունչ արդիական, գրաւիչ, հետեւողական ու ներգործող քարոզչութիւն կատարելու համար:

Երեք օրերու ընթացքին 18 երկիրներէ հայրենիք ժամանած երիտասարդները վերոնշեալ քննարկումներուն եւ հաստատումներուն կողքին` ներկայացուցին իրենց աշխատանքային զեկուցումները, փոխանակեցին իրենց փորձառութիւնները եւ զիրենք միացնող գաղափարական դաստիարակութեամբ ստեղծեցին ընկերական հարազատ մթնոլորտ, որուն ջերմութիւնը իրենց հետ պիտի տանին իրենց երկիրները:

ԵՐԵՒԱՆ, 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Պոլսոյ 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Պատուիրակներու Ճշդման Նախնական Արդիւնքներ

Յաջորդը

Հայ-Ամերիկեան Ռազմավարական Երկխօսութեան Վերաբերող Հարցերու Քննարկում

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.