Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՔՔԱՐԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

December 31, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աքքարի երեսփոխանները երէկ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ գումարեցին երկարատեւ նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպերուն մանրամասնութիւնները, յատկապէս Ուատի Խալետի եւ Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն հետեւանքները:

Այս շրջագիծին մէջ, Աքքարի երեսփոխանները  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեցին լուրջ միջոցառումներ որդեգրել` հաւանական որեւէ յարձակումէ պաշտպանելու համար լիբանանցիներն ու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու սպանութեան, պայթումներուն եւ առեւանգումներուն:

Աքքարի երեսփոխանները խստիւ դատապարտեցին Լիբանանի կառավարութիւնը, որ անկարող է ապահովելու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` շեշտելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պարտաւոր է հատուցումներ կատարել:

Երեսփոխանները անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւններուն. այս ծիրին մէջ անոնք նկատել տուին, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի գոյութեան մասին Ղոսընի յայտարարութիւնները կը միտին Լիբանանի պատկերը եւ միջազգային վարկը աղաւաղել:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Ուատի Խալետի մէջ պատահած ապահովական միջադէպերուն առնչութեամբ կարելի չէ լուռ մնալ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ կացութեան հիմնական լուծումներ գտնել:

Նոյն շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ Ժսըր հաւանական նկատեց, որ տօնական օրերէն ետք Ֆայեզ Ղոսընը կանչեն հարցաքննութեան` Լիբանանէն Սուրիա ներթափանցած Քայիտայի անդամներուն մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն մասին լուսաբանութիւն պահանջելու համար:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Մարուան Համատէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի պէտք է կարենան երաշխաւորել Արսալի բնակիչներուն անվտանգութիւնը, այլապէս ան կոչ ուղղեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ միջազգային ուժեր տեղակայելու:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններէն Ասեմ Արաժի երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ բանակի զօրամասեր տեղակայէ եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանէ:

Իր կարգին, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխանները յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին ընդարձակ շարժումներու պիտի դիմեն` բողոքելու համար սահմանամերձ շրջանին վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն դէմ:

 

Նախորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆ ՈՒ ԷՄԻԼ ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏԸ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.