Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Եւս Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

December 9, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեւըն Քրէյմըր

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 5 դեկտեմբերին այլ հանրապետական ծերակուտական մը` Քեւըն Քրէյմըր (Հ., Տըքոթա), հետեւելով նախագահ Թրամփի վարչակազմին ցուցմունքներուն` դէմ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու երրորդ փորձին:

«Նախագահ Թրամփի համար հետզհետէ աւելի դժուար սկսած է դառնալ Ծերակոյտի հանրապետականներուն մէջ Անգարայի համակիր դաշնակիցներ գտնելը, որովհետեւ քանի մը բացառութիւններէ բացի, ծերակուտականներ սկսած են զզուիլ իր կամքը ամերիկացի օրէնսդիրներուն վրայ պարտադրելու Էրտողանի ջանքերէն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Նշենք, որ նոյն օրը, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, բանաձեւին համահեղինակները` ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հանրապետական, Թեքսաս) իրենց պաշտօնակիցներուն երրորդ անգամն ըլլալով առաջարկած էին միաձայնութեամբ հաստատել բանաձեւը, այս անգամ ծերակուտական Քրէյմըր կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս, Տէյվիտ Փըրտու (Հանրապետական, Ճորճիա) եւ Լինզի Կրեհեմ (Հանրապետական, Հարաւային Քերոլայնա) արգելք հանդիսացած էին քուէարկութեան:

Մենենտեզի եւ Քրուզի կողքին, բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու կոչ ուղղեց նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր (Դեմոկրատական, Նիւ Եորք):

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աւելցնէ, թէ Քրէյմըրի հաւանական ընդդիմութեան լուրը ստանալէ անմիջապէս ետք, «Ուրացման Ճարտարապետներ» վաւերագրական ժապաւէնը արտադրողներէն Տին Քէյն կոչ ըրաւ, որ բանաձեւին դէմ չդնէ, յիշեցնելով ծերակուտականին, որ ան 2017-ին նեցուկ կանգնած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այլ բանաձեւի մը (թիւ 220), սակայն դիմումը ապարդիւն եղաւ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թրամփի մօտիկ դաշնակից Կրեհեմ ընդունած էր, որ Սպիտակ տան խնդրանքով վեթօ դրած էր բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու Մենենտեզի առաջարկին վրայ:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը, իսկ Ծերակոյտին մէջ թիւ 150 բանաձեւը ունի 24 հովանաւորներ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը քննադատեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին նորագոյն մերժումը` կոչ ուղղելով ամերիկահայութեան, որ ծերակուտական Քրէյմըրին դէմ բողոքեն:

Նախորդը

Վարչապետի Նշանակման Այսօրուան Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Յաջորդը

Կուաթեմալայի Քոնկրեսի Առաջին Փոխնախագահը Այցելեց Արցախի Խորհրդարան

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.